Երեքշաբթի, 2 Օգոստոս 2022-ին, Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը միջնակարգի Պրովէի պետական քննութեան երկրորդ փուլ յատկացուց։
Քննութիւնները սկիզբ պիտի առնեն յառաջիկայ Շաբաթ, 6 Օգոստոսէն մինչեւ 11 Օգոստոս 2022։
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ աշակերտները կրնան քննութեան ներկայանալ 1 կամ աւելի նիւթերով։