“Երկիր”._1 Օգոստոսին ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու կողմէն ձեռնարկուած սադրանքին հետեւանքով վիրաւորուած է Պսշտպանութեան Բանակի զինուորական ծառայող Ալպերթ Վլատիքի Բախշիեանը։
 
Արցախի Պաշտպանութեան(այսուհետեւ ՊԲ) Նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ վիրաւոր զինուորական ծառայողին վիճակը բաւարար կը գնահատուի:
 
Յիշեցնենք, որ 1 Օգոստոսին՝ Երեւանի ժամով ժամը 09:00-էն սկսեալ, Արցախի Հանրապետութեան հիւսիսային եւ հիւսիսարեւմտեան սահմանագօտիի շարք մը հատուածներուն մէջ ատրպէյճանական ստորաբաժանումները դիմած են սադրանքի՝ կատարելով շփման գիծը հատելու փորձեր, որոնք կասեցուած են ՊԲ-ի ստորաբաժանումներու ուժերով: Հայկական կողմէն կորուստներ չկան: Կատարուածին մասին հանգամանալից տեղեկատուութիւն տրամադրուած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան։
 
Արցախի տեղեկատուական շտապը տեղեկացուցած է, որ 1 Օգոստոսին՝ ժամը 22։00-ի դրութեամբ, իրավիճակը յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՊԲ լիարժէք վերահսկողութեան տակ։