2 Օգոստոսին ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը յայտարարութիւն տարածեց Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած ներազգային պառակտումին մասին.
“Այսօր, երբ Հայաստանը, Արցախն ու Սփիւռքը առաւել եւս համախմբուելու եւ մեր պետականութեան ու Հայրենիքին նետուած օրհասական, անվտանգային եւ գոյութենական սպառնալիքները համահայկական ներուժով կանխելու մարտահրաւէրին առջեւ կանգնած են , ապազգային իշխանութիւնները կը շարունակեն ներազգային պառակտումը խորացնելու եւ ազգային դիմադրողականութիւնը գիտակցուած եւ ծրագրաւորուած թուլացնելու աղէտաբեր քաղաքականութիւնը։
 
Թիրախի վրայ Դաշնակցութեան համազգային կառոյցն է, Հայոց պետականութեան հիմնադիր քաղաքական ուժը, որուն պատմութեան իւրաքանչիւր էջը հայ ժողովուրդին եւ մեր ազգային իտէալներուն ծառայութեան եւ նուիրումի պատմութիւն է։
 
Ապազգային եւ օտարածին օրակարգերով առաջնորդուող, մեր հաւաքական շահերն ու Հայոց պետականութեան ապագան հարցականի տակ դնող իշխանութիւնները կանգ չեն առներ նոյնիսկ քաղաքականօրէն կարճամիտ եւ ապօրինի գործողութիւններուն առջեւ։
Քաղաքական բռնաճնշումներուն, ազգային գաղափարախօսութեան, ազգային արժէքներու եւ հիմնարկներու, բարոյական ձեւերու դէմ վարչախումբին պայքարը շատոնց հատած է բոլոր կարմիր գիծերը։
 
Վերջին քանի մը օրերու ընթացքին ՀՀ մուտք գործելու իրաւունքէն զրկուած եւ անցանկալի անձեր յայտարարուած ՀՅԴ երեք ներկայացուցիչներ՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող Մուրատ Փափազեան, ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ Դատի ատենապետ Մասիս Աբրահամեան եւ «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան անդամ Սիւնէ Աբրահամեան։
 
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը կը դատապարտէ ՀՀ իշխանութիւններու կողմէն որդեգրուած քաղաքական հաշուեհարդարի, ազգային պառակտումի եւ հայրենազրկումի որդեգրուած քաղաքականութիւնը, անիկա կը դիտարկէ օրուան իշխանութիւններու՝ օտար օրակարգերն ու շահերը անվերապահ ապասարկելու հերթական դրսևորում։ Միաժամանակ, ամենայն վստահութեամբ, կը յայտարարենք, որ այսպիսի դրեւորումները դատապարտուած են ձախողման, իսկ ՀՅԴ-ն չի նահանջեր իր սկզբունքներէն եւ քաղաքական հաւատամքէն,պիտի ընենք կարելին, որ երկրի մէջ հաստատուի Հայոց պետականութեան ու համազգային շահերուն ծառայող իշխանութիւն”։