Լոյս տեսած է «Վէմ» հանդէսի 2022_ի 2-րդ թիւը՝ 355 էջ ծաւալով եւ հարուստ բովանդակութեամբ։
 
Հանդէսին խմբագրականը՝ «Արցախի Փրկութեան Ուղիները», նուիրուած է ներկայիս ողջ հայ ազգին առջեւ ծառացած ամենահրատապ հարցին՝ աշնան մեր տարածաշրջանի շուրջ սպասող լուրջ տեղաշարժերու ուղղուածութիւնը գնահատելու եւ անոնց բացասական ազդեցութիւնը չէզոքացնելու անհրաժեշտութեան։
 
Սակայն «Վէմ»-ի 2022_ի 2-րդ թիւին մէջ ընդհանուր առմամբ կը գերակայեն ծրագրային բնոյթ ունեցող, հիմնարար ուսումնասիրութիւնները։ Անոնց շարքին մէջ կարելի է առանձնացնել ՀՅ Դաշնակցութեան արտաքին կապերու ու յարաբերութիւններու պատմութեան նորովի քննութիւնը սկսելու մեր համեստ փորձը, որ լոյս պիտի տեսնէ ընդհատումներով հրապարակուող ընդարձակ յօդուածաշարով։ Անոր առաջին՝ ներածական մասին մէջ տրուած է այս նախաձեռնութեան արդիական-քաղաքական նշանակութեան հիմնաւորումը՝ նկատի ունենալով ռուս-ուքրանական ներկայ պատերազմին հետեւանքով ազգային ձգտումներու բիւրեղացման նոր շրջափուլի սկզբնաւորումը Արեւելեան Եւրոպայի ու Առաջաւոր Ասիոյ մէջ։ 20-րդ դարու սկզբներուն ՀՅԴ-ն եղած է այդ տարածաշրջաններու մէջ կայսրութիւններու փլուզման յանգեցուցած նոյնաբովանդակ քաղաքական գործընթացներու աշխոյժ մասնակիցը ռուսական, լեհական, ֆինլանտական, մակեդոնական, յունական, ուքրանական, հրէական եւ այլ կուսակցութիւններու հետ: Ուստի նոյն գործընթացի նոր շրջափուլի սկզբնաւորումը կը պահանջէ իր նախորդի համակողմանի քննութիւն, մանաւանդ որ անոր համար աղբիւրագիտական որոշակի հիմք ստեղծած են վերջերս «Վէմ Մատենաշարով» հրապարակուած վաւերագրերը։
 
«Վէմ»-ի 2022_ի 2-րդ թիւին մէջ վերջապէս տեղ յատկացուեցաւ ռուս հանճարեղ գրող Ֆիոտոր Տոստոեւսքիի 200-ամեակին առիթով հայ գրականութեան հետ անոր ստեղծագործական զուգահեռներու քննութեան նուիրուած Պետրոս Հ. Տէմիրճեանի ուսումնասիրութեան: Լրացած է նաեւ հայ բանաստեղծ հանճարի՝ Եղիշէ Չարենցի 125-ամեակը, որուն ստեղծագործութեան մասին «Վէմ»-ի 2022_ի 2-րդ թիւին մէջ տեղ գտած հրապարակումներէն է գրականագէտ Սեյրան Զ. Գրիգորեանի «Ամենտի Եզերքը» Եղիշէ Չարենցի բանաստեղծութեան եւ համաշխարհային գրականութեան մեջ» փայլուն ուսումնասիրութիւնը։ Սոյն բանաստեղծութեամբ Հին Եգիպտոսի մշակոյթի հիմքերէն մէկուն՝ հոգիի անմահութեան գաղափարի չարենցեան ընկալման քննութիւնը կ’իրականացուի եւրոպական եգիպտագիտութեան ու ռուսական աւանգարդի բանաստեղծութեան խոր իմացութեամբ։
 
Ուշագրաւ է նաև Թաներ Աքչամի՝ վերջերս հայերէն թարգմանուած գիրքի մասին Արմէն Ց. Մարուքեանի ծաւալուն գրախօսականը, որուն մէջ ոչ առանց հիմքի կասկածի տակ դրուած է այդ ճանչցուած պատմաբանի գիտական անաչառութիւնը։ Որովհետեւ վերջինս թէեւ թրքական աղբիւրներուն միջոցով կը վերահաստատէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստը, բայց միաժամանակ քօղարկուած ձեւով յառաջ կը տանի թրքական ոչ պաշտօնական պատմագրութեան հիմնական նպատակադրումը՝ Թուրքիոյ՝ իբրեւ պետութեան պատասխանատուութեան փաստը հերքելու ձգտումը։
 
«Վէմ»-ի 2022_ի 2-րդ թիւին մէջ տեղ գտած են նաեւ այլ ուշագրաւ հրապարակումներ։ Բովանդակութիւնն ու խմբագրականը, իսկ յօդուածներուն կրնաք ծանօթանալ հանդէսի vemjournal.org կայքին վրայ։