3 Օգոստոսին Արտաքին Գործոց Նախարարութեան (այսուհետեւ՝ԱԳՆ) դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց՝ ընդդէմ սփյուռքահայերուն Հայաստան մուտք գործելու ապօրինի արգելքին։
 
Մասնակիցներու ձեռքին կային հայերէն եւ անգլերէն գրութիւններով պաստառներ։
 
ԱԳՆ շէնքին մօտ կեդրոնացած էին մեծաքանակ ոստիկանական ուժեր։
 
«Հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ սեպ խրելը անթույլատրելի է», յայտարարեցին բողոքի ցոյցի մասնակիցները։
 
ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան իր ելոյթին մէջ յայտարարեց, որ մենք բոլորս քաջ կը գիտակցինք, որ Հայաստանի, Արցախի եւ առհասարակ՝ հայ ազգի յարատեւութեան հիմնական երաշխիքներէն մէկը կը հանդիսանայ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը:
 
«Վերջին գործողութիւնները կը փաստեն, որ ներկայ իշխանութիւնները ամէն քայլին կը դիմեն այդ երաշխիքը թուլացնելու համար։ Որեւէ հայ իրաւունք չունի շեղելու մեր հիմնական նպատակներէն։ Սրբազան պայքարը կը շարունակուի», ըսաւ ան։