«Երկիր» – Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան կը շեշտէ, որ Արցախ- Հայաստան երթեւեկութիւնը Լաչինի միջանցքի փոխարէն այլ երթուղիով կազմակերպելու Ատրպէյճանի պահանջքը առաջատար չէ: Արմէն Գրիգորեան այս մասին ըսած է «Արմէնփրէս»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ։
 
֊Պարոն Գրիգորեան, ԼՂ նախագահը երէկ Անվտանգութեան Խորհուրդի ընդլայնուած նիստին յայտարարած է, թէ Ատրպէյճանը Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան պահանջք ներկայացուցած է Հայաստանի հետ կապող երթեւեկութիւնը կազմակերպելու այլ երթուղիով: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս յայտարարութիւնը:
 
֊ՀՀ վարչապետի, Ռուսիոյ նախագահի եւ Ատրպէյճանի նախագահի՝ 2020_ի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտին մէջ, ուր սահմանուած են Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքի ստեղծման եւ գործունէութեան հետ առնչուած հարցեր՝ սահմանուած է հետեւեալը. «Կողմերու (այսինքն՝ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի) համաձայնութեամբ յառաջիկայ երեք տարուան ընթացքին պիտի որոշուի Հայաստանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի կապը ապահովող Լաչինի միջանցքով երթեւեկութեան նոր երթուղիի կառուցման ծրագիրը, ռուսական խաղաղապահ դաշնակից զինուորական ուժի հետագայ վերատեղաբաշխումով այդ երթուղիի պահպանութեան համար»: Այս ընթացքին, անշուշտ, այս ուղղութեամբ որոշակի աշխատանք կատարուած է, բայց այս պահուան դրութեամբ համաձայնուած ծրագիր գոյութիւն չունի: Ամենայնդէպս՝ Հայաստան որեւէ ծրագիրի համաձայնութիւն չէ տուած, հետեւաբար Ատրպէյճանի պահանջը առաջատար չէ:
 
֊Բայց դուք յայտարարած էիք, որ Հայաստան սկսած է վերակառուցման աշխատանքները Կոռնիձոր-Տեղ-Մ12 ինքնաշարժային ճամբուն, որ կ’ենթադրուի, թէ պիտի միանայ Լաչինի միջանցքի նոր երթուղիին:
 
֊Այո, այդ շինարարութիւնը արդէն իսկ սկսած է, բայց ուշադրութիւն դարձուցէք, որ եռակողմ յայտարարութեան մեջ նշուած է նոր երթուղիի կառուցման ծրագիրին մասին: Նման համաձայնուած ծրագիր գոյութիւն չունի: Հայաստանի Հանրապետութիւնը արդէն իսկ առաջարկած է եռակողմ ձեւաչափով համաձայնիլ եւ ստորագրել ծրագիրը եւ համաձայնուած ժամանակացոյցով ու ճանապարհային քարտէզով յառաջ երթալ: Ինչպէս որ նախատեսուած է 9 Նոյեմբեր 2020_ի եռակողմ յայտարարութեամբ: