3 Օգոստոսին Ատրպէյճանի զինուած ուժերը, հերթական անգամ խախտելով Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ կրակի դադրեցումի 9 Նոյեմբեր 2020_ի եռակողմ յայտարարութիւնը, յարձակումի ձեռնարկած են ռուսական խաղաղապահ զօրքերուն պատասխանատուութեան գօտիին վրայ, որուն հետեւանքով կան զոհեր եւ վիրաւորներ։
 
Հակառակ հայկական կողմին տարածաշրջանի մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հասնելու հեռանկարով առած քայլերուն, Ատրպէյճան կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը ահաբեկելու, Լեռնային Ղարաբաղը ցեղային զտումի ենթարկելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի սողացող բռնագրաւումի ծրագրաւորուած քաղաքականութիւնը:
 
Յիշեցնենք, որ նմանօրինակ յարձակումի եւ հրադադարի խախտումի դէպքեր կը հանդիսանան այս տարուան 24 Մարտին ատրպէյճանական զինեալ ուժերու անօրինական յառաջխաղացքը դէպի Փառուխ գիւղ, 11 Դեկտեմբեր 2020-ին դէպի Խծաբերդ եւ Հին Թաղեր գիւղեր ձեռնարկուած գրոհները. տարածքներ, որոնք նոյնպէս կը գտնուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին վրայ։
 
Անթոյլատրելի կը համարենք ատրպէյճանական կողմէն հնչող յայտարարութիւնները, որոնցմով փորձ կատարուած է միակողմանիօրէն փոխել Լաչինի միջանցքի եռակողմ յայտարարութեան 6-րդ կէտով սահմանուած իրաւական վարչակարգը։ Վերահաստատած է, որ Լաչինի միջանցքով անցնող երթուղին կրնայ փոխուիլ միայն յայտարարութիւնը ստորագրած կողմերու հաստատած ծրագիրին համաձայն։
 
Ինչպէս յստակօրէն կը սահմանէ 9 Նոյեմբերի յայտարարութիւնը՝ կողմերու (այսինքն՝ Ռուսիոյ , Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան) համաձայնութեամբ յառաջիկայ երեք տարուան ընթացքին պիտի որոշուի Հայաստանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի կապը ապահովող Լաչինի միջանցքով երթեւեկութեան նոր երթուղիի կառուցման ծրագիրը, ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հետագայ վերատեղաբաշխումով՝ այդ երթուղիին պահպանութեան համար:
 
Կ’ընդգծենք, որ մինչ օրս եռակողմ ձեւաչափով հաստատուած նման ծրագիր չկայ եւ եռակողմ յայտարարութեան բոլոր կողմերուն կոչ կ’ուղղենք հաւատարիմ մնալու իրենց ստանձնած պարտաւորութիւններուն, անյապաղ ջանքեր գործադրելու 9 Նոյեմբերի յայտարարութեամբ հաստատուած պայմաններու իրագործման, ներառեալ՝ հրադադարի պահպանման, տարածաշրջանային ճանապարհներու բացման, ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու վերադարձման առնչութեամբ:
 
Հարկ կը համարենք անգամ մը եւս արձանագրել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կատարած է իր ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները: 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան շարք մը կէտերու չկատարուելուն պատճառը Ատրպէյճանի կողմէ անոնց կամայական մեկնաբանութիւններն են, շարունակուող յարձակողական հռետորաբանութիւնն ու գործողութիւնները:
 
Հայաստանի Հանրապետութիւնը, անգամ մը եւս վերահաստատելով իր հաւատարմութիւնը տարածաշրջանի մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու օրակարգին, միջազգային հանրութեան կոչ կ՚ուղղէ միջոցներ ձեռնարկելու Ատրպէյճանի յարձակողական կեցուածքը եւ գործողութիւնները կասեցնելու եւ անհրաժեշտ միջազգային ձեւաչափեր գործարկելու համար: