Ուրբաթ, 29 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Երեւանի մարզահամերգային համալիրին մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութեամբ, վարագոյրը իջաւ համաՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերուն վրայ եւ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը ժամադրուեցաւ չորս տարի ետք դարձեալ հանդիպելու նոր մարզախաղերով եւ ախոյեաններով։
Փակման հանդիսութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի շեփորախումբին եւ դրօշակակիրներու համալիր մուտքով։ Յաջորդեցին մարզախաղերու մասնակից 20 երկիրներու պատուիրակութիւնները՝ իրենց դրօշներով, նուաճած բաժակներով ու մետալներով։
Հնչեցին Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգները։ Ապա, օրուան հանդիսավար՝ Մեղրի Սրապիոնեան հրաւիրեց Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանը՝ փոխանցելու փակման հանդիսութեան իր խօսքը։
Վաչէ Նաճարեան ըսաւ, որ համաՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերու աւարտական հաւաքի վերջին պահուն, բոլորս կը գիտակցինք, որ խաղերը խաղաղ ու հանդարտ պտոյտ մը չէին, այլ՝ յոգնեցուցիչ հեւքով ու ժրաջան աշխատանք պահանջող մարզական հանդիպումներ։ Սակայն անոնք յատուկ էին, որովհետեւ մարզական եւ մանաւա՜նդ ՀՄԸՄ-ական ոգին էր տիրապետողը։
Իր խօսքը մարզախաղերու մասնակիցներուն ուղղելով, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը ըսաւ. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրին պարտականութիւնն է այս խաղերուն ստեղծած ոգին եւ յիշատակները մասունքի նման տանիլ աշխարհի չորս կողմերը ու ցանել ո՛չ միայն ՀՄԸՄ-ական շրջանակին մէջ, այլ՝ ամէն տեղ ուր հայկական ճրագ կայ՝ առիթը ընծայելով մեր հայրենակիցներուն ապրելու իբրեւ հայ, հայրենիքէն հեռու, բայց հայրենիքը պահելով իրենց սրտին մէջ»։
Վաչէ Նաճարեան շնորհակալութիւն յայտնեց մարզախաղերուն յաջողութեան նպաստած ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի կառոյցին, բարեկամներուն, բարերարներուն, կամաւորներու հսկայ «բանակ»-ին, մարզախաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք ջանք չխնայեցին յիշատակելի 10 օրեր պարգեւելու համար բոլորին։ Ապա, Վաչէ Նաճարեան խօսքը եզրափակեց ըսելով՝ «Մեր ժամադրութիւնը չորս տարի ետք՝ ՀամաՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերուն։ Շնորհաւորութիւն եւ բարի վերադարձ բոլորին»։
Այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցելու հրաւիրուեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական առաջին մարզախաղերու մասնակից, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ մարզախաղերու լաւագոյն մարզիկ-մարզիկուհիներու յուշանուէրներու հովանաւոր՝ Հրաչ Սիսեռեան։ Ան ըսաւ, որ 41 տարի առաջ, 1991-ին, երբ իբրեւ մարզիկ համաՀՄԸՄ-ական առաջին մարզախաղերուն մասնակցած է, արտասանած է խօսք մը, զոր կը փափաքի կրկնել նաեւ այսօր։ Սիրելի՛ մարզիկներ,- ըսաւ Հրաչ Սիսեռեան,- դուք կը պատկանիք միութեան մը, որ ձեզի կու տայ հաւատք՝ հանդէպ ձեր ժողովուրդին, հայրենիքին եւ հայապահպանման գործին։ Այդ հաւատքը ՀՄԸՄ-ի մէջ կը վերածուի հաւատարմութեան,- շարունակեց ան,- հաւատարմութիւն ՀՄԸՄ-ի, հաւատարմութիւն իրարու, հաւատարմութիւն այն նպատակներուն, որոնց ծառայելու կոչուած ենք բոլորս։ Մաղթեմ, որ ձեր բաժակները լեցուին հաւատարմութեամբ, մնաք ՀՄԸՄ-ական, ծառայէք այս միութեան, որուն աշխատանքով այսօր բոլորդ համախմբուած էք հայրենիքի մէջ։ ՀՄԸՄ-ը կը մնայ միշտ երիտասարդ եւ հաւատարիմ միութիւն,- եզրափակեց Հրաչ Սիսեռեան։
Այնուհետեւ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու ձեռամբ կատարուեցաւ իւրաքանչիւր մարզախաղի ընդհանուր դասաւորման լաւագոյն արդիւնքները արձանագրած պատուիրակութիւններու բաժակատուչութիւն։ Յատուկ բաժակի արժանացաւ մարզախաղերու «Տիպար պատուիրակութիւնը»՝ ՀՄԸՄ Թիֆլիսը։
Մարզախաղերու լաւագոյն մարզիկի «Արմանտօ Թորգոմեան բաժակ»ին տիրացաւ Կարէն Չարլասարեան Աւստրալիայէն, իսկ լաւագոյն մարզիչի բաժակին՝ Հէրի Շիրիքճեան Արեւմտեան Մ. Նահանգներէն։
Յայտնենք, որ լաւագոյն մարզիկի եւ մարզիկուհիի յուշանուէրները կրեցին նահատակ կամ վաստակաշատ հետեւեալ ՀՄԸՄ-ականներու անունները.- Մանուէլ Հալլաճեան (աղջկանց վոլիպոլ), Պատրիկ Կիւլպէնկեան (տղոց պասքեթպոլ), Գառնիկ Մկրտիչեան (ֆութպոլ), Հրաչ Տէր Սարգիսեան (աթլէթ), Գէորգ Հաճեան (տղոց ֆութսալ), Գրիգոր Ղազարեան (աղջկանց ֆութսալ), Էրիկ Գալստեան (աղջկանց վոլիպոլ), Արտակ Մարտիրոսեան (աղջկանց 3×3 պասքեթպոլ), Արմէն Առուստամեան (տղոց 3×3 պասքեթպոլ), Մոսիկ Սեքլէմեան (լող), Արտակ Իշխանեան (փինկ-փոնկ), Հայկ Դերիկլեան (ճատրակ), Յարութ Բանոյեան (թենիս) եւ Յակոբ Ասթարճեան (ծովափի վոլիպոլ)։