Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի համաձայնութեան հետ կապելով, Թուրքիան ինքնաբերաբար կարգաւորման գործընթացը կը ձգձգէ, զայն դարձնելով քաղաքական խաղաքարտ ու արեւմուտքին ներկայանալով որպէս տարածաշրջանին մէջ տարբեր կողմերու հետ հաշտութեամբ ու հեշտութեամբ գործող երկիր:
Ատրպէյճան առաւելագոյնս կ’օգտագործէ Թուրքիոյ այս նախապայմանը, Հայաստանէն ու Արցախէն առաւելագոյն զիջումները խլելու եւ Հայաստանի ու Արցախի դէմ պատերազմի սպառնալիքը մերթ ընդ մերթ նոր յարձակումով մը վերաթարմացնելու:
3 Օգոստոսին, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ 9 Նոյեմբերի զինադադարի ակնառու խախտումը Ատրպէյճանի այս մարտավարութեան վառ օրինակն է:
Երբ Հայաստան կը ջանայ նշեալ համաձայնութեան տարրերը լիուլի գործադրել՝ դուրս բերելով նաեւ պաշտպանութեան բանակը Արցախէն, Ատրպէյճան, իրեն յատուկ նենգամտութեամբ, Արցախը անտէր համարելով յարձակումի կը նախաձեռնէ, բռնի ուժով եւ միակողմանիօրէն փոխել ջանալով Լաչինի միջանցքով անցնող երթուղին:
Միւս կողմէ, Թուրքիա առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու բարեկարգման քօղը վեր կ’առնէ այս անգամ դատապարտելով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր խորհուրդի նախագահին Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնը ու պարտադրելով զինք ջնջել թուիթըրի էջին վրայ նշեալ այցելութեան առնչուող գրառումը:
Հայ Դատի ներկայացուցիչներուն Հայաստան մուտքի արգելքը եւս յստակ ուղերձ մըն է Թուրքիոյ՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացէն Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն հրաժարելու տրամադրութեան մասին:
Այս բոլորը երեւելի են, երեւելի են նաեւ Հայաստանին ու հայութեան սպառնացող վտանգները, երբ կը հնչեն Թուրքիայէն հողային պահանջ չունենալու իշխանութեան տեսակէտներ, երբ կը քանդուին Հայաստան-Սփիւռք այնքան գուրգուրանքով կառուցուած կամուրջներ ու իշխանութիւն-ընդդիմութիւն տարակարծութիւնները, ժողովրդավարական երկիրներու յարիր ամենապարզ ցոյցերը կը վերածուին մեր ազգը պառակտող գործօններու:
Աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն մէջ իշխանութիւն – ընդդիմութիւն տարակարծութիւնը հարկ էր ուղղել Հայաստանի ազգային ու պետական շահերը գերզգուշութեամբ պահպանելուն, ոչ թէ հակառակորդներուն ի նպաստ կեցուածքներով մեր ազգի ու պետութեան ազդեցիկ գործօնները ի սպառ ոչնչացնելուն:
Ոչ մէկ ազգ խաղաղութիւն ձեռքբերած է ապահովական ու ներքին-քաղաքական անկայուն վիճակով: Խաղաղութիւնը ուժեղ դիրքերէ առաջնորդուելով միայն կարելի է նուաճել: Ներքաղաքական ու համազգային մեր միասնականութեան քայքայումը լաւագոյն ընծան է խաղաղասիրութեան դիմակով ներկայացող ծաւալապաշտ երկիրներուն: