Վիգէն Ճիզմէճեանի անթառամ յիշատակին
Գրեթէ տասնամեակ մը կամ աւելի առաջ Քաթարի գիրքի տարեկան ցուցահանդէսի շրջանին հոն էինք եւ անշուշտ այցելեցինք այն հսկայ սրահը՝ Ցուցահանդէսներու տարածքը, ուր տարբեր երկիրներու հրատարակչատուներ իրենց արտադրութիւնը ցուցադրեր էին: Որքան տպաւորիչ էր գիրքերու առատութիւնը, այնքան եւ աւելի տպաւորիչ էր այցելուներուն ու բազմաթիւ լեցուն տոպրակներով դուրս եկողներուն թիւը, մեծ մասը տեղացիներ, իրենց ձիւնասպիտակ կալապիաներով: Այնպէ՜ս նախանձս շարժեր էին …
Բաւական գիրք գնեցի հնդկական տաղաւարէն. այդ երկիրը այսօր աշխարհի մեծագոյն ֆիլմարտադրող երկիրը ըլլալու կողքին,- բոլորին ծանօթ է Պոլիուուտը,- է նաեւ առատ եւ աժան գիրքերու հրատարակութեան երկիր որպէս:
Տաղաւարի պատասխանատուն, տեսնելով գիրքի սէրս, ըսաւ.
-Վերջին օրը բոլոր գիրքերը կէս գինով պիտի տամ:
Կրնայի՞ չերթալ:
Գացի եւ երկու մեծ, լեցուն տոպրակներով վերադարձայ:
Անոնք որոնք գիրքերու սիրահար են, անպայմա՛ն ապրած են հաճոյքը, որ նոյնքան մեծ է, որքան գիրք գնելու հաճոյքը՝ տուն հասնիլ, ձեռք առնել նոր գնուած գիրքը, շօշափել կողքը, երբեմն նաեւ հոտ քաշել էջերէն (շատեր նկատելով այս արարքս զարմանքով եւ քիչ մըն ալ կասկածով դիտած են զիս) ու յետոյ միայն ընթերցումը սկսիլ:
Եւ որովհետեւ գնած գիրքերուս քանակը մեծ էր, թէյ մը պատրաստեցի, անկիւնի լուսամփոփը վառեցի եւ նստայ առաջին ըմբոշխումի վայելքը ապրելու:
Սքանչելի վայելք մը. բայց երբ ձեռք առի տոպրակին վերջին գիրքը, … սառեցայ.
The Penguin Book of Death (Փենկուին հրատարակչութեան Մահուան Գիրքը):
Ո՞վ դրեր էր այս գիրքը իմ տոպրակին մէջ. չէի յիշեր ընտրած ըլլալս զայն, նոյնիսկ չէի յիշեր նման գիրք մը տեսած ըլլալս:
Այսօր կը մտածեմ, որ թերեւս տաղաւարի պատասխանատուն որպէս «նուէր» դրեր էր գիրքերուս հետ, այս տասը օրերուն ընթացքին չծախուած այդ գիրքը: Թերեւս:
Տրամադրութիւնս գահավէժ անկում կրեց (եթէ չքաշուէի, պիտի գրէի՝ ք*ք.. եղաւ). խայթուածի պէս նախ գիրքը ձեռքէս ձգեցի, ապա անկողնիս քովի դարանին ամէնէն հեռու անկիւնը թխմեցի: Նախապաշարուեր էի:
Նախապաշարո՞ւմ էր, թէ՞ նախազգացում, որովհետեւ այդ տարին էր որ Գէորգը կորսնցուցի:
Գիրքը երկար ժամանակ մնաց չընթերցուած:
Այս չընթերցուած գիրքերուն հարցն ալ ուրիշ «ախտ» մըն է, որմէ անպայմա՛ն կը վարակուին բոլոր գրքասէրները՝ գիրք գնել, բայց տարբեր պատճառներով չկարդալ, գլխաւոր պատճառը ըլլալով ժամանակի չգոյութիւնը: Ճաբոնցիները նոյնիսկ յատուկ բառ մը ունին (հնարե՞ր են) այս երեւոյթին համար՝ Tsundoku, որ ճիշդ ա՛յդ կը նշանակէ՝ «Գիրքեր գնելու եւ զանոնք բնաւ չկարդալու արուեստը»: Կը տեսնէ՞ք, գիրք գնելն իսկ արուեստ կը համարուի (թէ՞ արդեօք գիրք չկարդալը նկատի ունին որպէս արուեստ …):
Մարք Թուէյնն ալ ժամանակին անդրադառնալով ասոր, ըսեր է՝ «Դասական, այսինքն գիրք մը, որ ամէն մարդ կը գովէ եւ ոչ ոք կը կարդայ»: Հետաքրքրական է:
Ինչ եւ է:
Օր մըն ալ քաջութիւնս հաւաքեցի եւ որոշեցի կարդալ The Penguin Book of Death-ը: Եւ ո՜վ զարմանք, գիրքին ընթերցումին հետ խաղաղութիւն մը իջաւ վրաս, վախերս փարատելով:
Այս գիրքը իր կողքին տակ կը հաւաքէ այն բոլորը, որ ըսուած է մահուան մասին, եգիպտացիներու նշանաւոր «Մահուան Գիրքը»-էն մինչեւ 20-րդ դարու բանաստեղծներու եւ փիլիսոփաներու գրութիւնները:
Երանի իւրաքանչիւր անձ առիթ ունենայ այս գիրքը կարդալու, կը մտածէի ամէն անգամ, որ քանի մը էջ կարդայի:
Ամէնէն աւելի զիս տպաւորած է այս խօսքը՝ «Այնքան ատեն որ մեռած չենք, պէտք չունինք մտածելու մահուան մասին. երբ մեռնինք, արդէն չենք կրնար մտածել»:
Գիրքը սակայն այնքան ալ օգտակար չէ, երբ հարցը ոչ թէ քու, այլ սիրելիի մը կորուստին մասին է: Անշուշտ երբ կ’ողբանք, մենք մեզ է որ կը մտածենք՝ ինչպէ՞ս պիտի ապրիմ իրմէ ետք, ինչպէ՞ս պիտի աշխատիմ առանց իրեն, ի՞նչ պիտի ընեմ միս-մինակս …
Ծովը շատ կը սիրեմ, բայց հակառակ անոր, շատ կը վախնամ անկէ, եւ ամէն անգամ որ ինքզինքս գտնեմ ծովուն բացերը, կը սկսիմ մտածել՝ արդեօք հիմա ինչպիսի՞ ձուկեր կամ վախազդու էակներ կը լողան ոտքերուս տակ. մտածումը կը սանձէ հաճոյքս եւ անմիջապէս ափ կը վերադառնամ, որովհետեւ չեմ գիտեր թէ ինչպիսի՞ վախազդու էակներ կան ոտքերուս տակ:
Չեմ գիտեր: Կեանքն ալ այդպէս չէ՞, կեանքը, որուն մասին շատ բան, այնքա՜ն շատ բան չենք գիտեր: Մահը անոնց մեծագոյնը:
Եւ կը մնան հաւատքն ու համոզումը. հաւատքը, որ ամէն բան օրհնեալ է Տիրոջ կամքով, եւ համոզումը, որ յիշատակները պահելով կարելի է ապրեցնել մեզմէ հեռացած մեր սիրելիները: Դժուար, բայց գոնէ կարելի համոզում:
Եւ կը մնայ Լոյսը, մութ անցքին վերջաւորութեան:
(Այս շաբաթ շատ տխուր եղաւ …):
Մարուշ Երամեան