«Մի՛ մեղադրեր, գլխուդ կու գայ»:
«Մի՛ մեղադրեր, մի՛ այպաներ կամ մեծ մի՛ խօսիր… գլխուդ կու գայ» ժողովրդական ասացուածքը լաւապէս ըմբռնած եմ։
Օրին մէկը, երբ տեղեկացայ որ ծանօթի մը կինն ու զաւակները կ’ապրին Հալէպ իրենց ուսման համար, իսկ ինք մեկնած է այլ երկիր՝ գործի պայմաններուն բերումով, զարմանքով հարց տուի, թէ կրնա՞յ ըլլալ ամուսիններ անջատ ապրին … եթէ այդպէս է  ինչո՞ւ ամուսնացած են…նախընտրելի չէ՞ որ երկուքէն մէկը զիջի… եւ այլն: Այս մտմտուքները յաճախ կը զբաղեցնէին միտքս. երեւոյթը խորթ էր եւ անընդունելի։
Տարիներ ետք, Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով ընտանեօք Լիբանան տեղափոխուեցանք՝ փորձելով ընտելանալ կեանքի նոր հանգրուանին։ Վեց ամիս ետք, ամուսինս գործի եւ այլ պարագաներու բերումով հարկադրուեցաւ Հալէպ վերադառնալ, իսկ ես ու զաւակներս մնացինք Լիբանան իրենց ուսման տարեշրջանը բոլորելու։ Այդ շրջանին ականջալուր եղայ, որ մեզի ակնարկելով ալ մարդիկ նոյն բանը կը կրկնեն. «Կրնա՞յ ըլլալ որ ամուսինը հոս ապրի՝ ինքը հոն…»:
Պահ մը Աստուծոյ յանդիմանութիւնը համարեցի այս զուգադիպումը: Յիշեցի թէ ինչպէ՞ս կը մեղադրէի ուրիշը՝ առանց այդ ընտանիքին պայմանները իմանալու։ Ներքուստ կը փորձէի արդարանալ Աստուծոյ դիմաց, թէ ես այդ հարցումները մտքիս մէջ կրկնած էի պարզապէս, առանց այլոց յայտնելու կամ բամբասելու: Բայց  զո՞վ կը խաբէի …միթէ՞ մտովին ըլլալով հանդերձ այդ մեղադրանքը այպանումի ոճով չէր:
Մեր մեծերէն յաճախ լսած ենք թէ «Ժամանակը իւրաքանչիւրի հարցումին պատասխանը կու տայ»:
Խոստովանիմ. փորձառութենէս սորվեցայ, որ ժամանակի եւ ամէն բանի տիրող տիեզերքի Կառավարիչին օրէնքին կ’ենթարկուի իւրաքանչիւր մարդ։ Ապրելով ըմբռնեցի այս ճշմարտութիւնը, հետեւաբար՝ «Մի՛ դատէք ուրիշները, որպէսզի Աստուած ալ ձեզ չդատէ»(Մտ 7.1)։
Նայիրի Ատուրեան-Ֆրանքեան