2 Օգոստոսին Տաշքենթի մէջ տեղի ունեցած է Թուրքիա-ուզպեքիստան-ատրպէյճան արտաքին գործոց եւ փոխադրութեանց նախարարներու ժողով, որուն ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու անդրադարձած է միջին միջանցքի, հայ-թրքական ու հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու նիւթերուն:

Միջին միջանցքի մասին խօսելով՝ Չաւուշօղլու հետեւեալ շեշտադրումները կատարած է.  «Այս ճգնաժամային միջավայրը իր բերած վտանգներով մէկտեղ նոր կարելիութիւններ կը շնորհէ: Հակառակ խորացող ուժային մրցակցութեան, Եւրասիան եւ պատմական Մետաքսի ճանապարհը կրկին առեւտրական կեդրոնական երթուղիի կը վերածուին»:

Նշելով, որ աշխարհի ամենամեծ առեւտուրի ծաւալը Ասիոյ ու Եւրոպայի միջեւ է՝ Չաւուշօղլու կարեւոր համարած է առեւտրային հոսքերու կառավարումը, մանաւանդ որ աշխարհաքաղաքական խնդիրները Չինաստանը Եւրոպային միացնող Հիւսիսային միջանցքին այլընտրանք հանդիսացող Միջին միջանցքի համար նոր կարելիութիւններ ստեղծած են:

Հին աշխարհի ամենակարեւոր ճամբուն՝ Մետաքսի ճամբուն վերաշխուժացումը, թուրք նախարարին կարծիքով, աւելի կը միաւորէ թրքական աշխարհը:

Իսկ հայ-թրքական ու հայ-ատրպէյճանական գործընթացներուն մասին Չաւուշօղլու մասնաւորապէս ըսած է. «Պատմական Շուշիի հռչակագիրով Ատրպէյճանի հետ մեր յարաբերութիւնները բարձրացուցինք դաշնակցային մակարդակի: Ատրպէյճանի յաղթանակով Հարաւային Կովկասի մէջ աշխարհաքաղաքական նոր հաւասարակշռութիւն  ձեւաւորուած է, որմէ պիտի շահին կայունութեան եւ համագործակցութեան կողմնակից երկիրները: Մենք կոչ կ’ուղղենք, որ բոլորը այս կարելիութիւնը գնահատեն: Կ’աջակցինք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ճամբաներու ապաշրջափակման, սահմանազատման եւ խաղաղութեան պայմանագրութեան առնչուող բանակցութիւններուն: Մենք ալ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար քայլերու կը ձեռնարկենք, յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումներուն միջոցով եւ Ատրպէյճանի հետ խորհրդակցելով կը յառաջանանք»:

Ան շեշտած է, որ Թուրքիան կ’ապահովէ անհրաժեշտ աջակցութիւն «արեւելեան Զանգեզուրի» եւ Ղարաբաղի տնտեսական գօտի վերակազմաւորման եւ զարգացման համար: