“Երկիր Մետիա”._Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ուշադիր կը հետեւի Հարաւային Կովկասի մէջ իրադրութեան զարգացումներուն: Այս մասին յայտնած է Ելիսէեան պալատը՝ տեղեկացնելով, որ Մաքրոն արդէն հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ կոչ ուղղելով Ատրպէյճանին լիարժէքօրէն թափ հաղորդել Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն:
 
«Ան իր մտահոգութիւնը յայտնած է վերջին օրերուն՝ յատկապէս Լաչինի միջանցքի զարգացումներուն նկատմամբ: Ան կոչ ուղղած է ընելու ամէն բան՝ խուսափելու վիճաբանութիւններէ եւ լիարժէք ծաւալ հաղորդելու Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն: Ան ընդգծած է 9 Նոյեմբեր 2020_ի հրադադարի մասին յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները յարգելու կարեւորութիւնը:
 
Ֆրանսան կը շարունակէ սերտ յարաբերութեան մէջ ըլլալ կողմերուն ու իր գործընկերներուն հետ՝ շարունակելու աջակցիլ ու նպաստել ջանքերուն՝ ուղղուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան՝ յանուն տարածաշրջանի կայունութեան», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: