– Լսեցի՞ր վերջին նորութիւնը,- նետեց դառն կատակներ սիրող բարեկամս՝ հեռաձայնին միւս ծայրէն:
 
– Ո՛չ. նորութիւնները դո՛ւն կը բերես ինծի,- պատասխանեցի՝ լուրջ ձեւանալով:
 
– Լա՛ւ, լսէ՛,- շարունակեց խորհրդաւորութիւն կեղծով ձայնով մը:- Ըսելիքներս գաղտնիք են, տակաւին հրապարակ չեն եկած…
 
– Մի՜ երկարեր, ըսէ՛ թէ ի՞նչ է լսածդ:
 
– Հա՛: ՄԱկը, մարդասիրական միջազգային քանի մը կազմակերպութիւններ, մասնաւորաբար ժողովուրդներու հոգեբանական հարցերով զբաղողներ, լուծումներ հետապնդողներ քով-քովի եկեր են, կազմեր են մասնագէտներու յանձնաժողով մը (գիտե՞ս, Հայաստանի մէջ յանձնաժողով կազմելը մոտա է), որուն առաքելութիւն տրուեր է ուսումնասիրել Հայ ժողովուրդին վերջին տարիներու հոգեբանութիւնը, աւելի ճիշդը՝ հոգեփոխութիւնը:
 
– Վա՜զ անցիր հանելուկներով խօսելու սովորութենէդ…
 
– Կեդրոնական յանձնաժողովն ալ կազմեր է ենթայանձնախումբեր (ասիկա ալ սփիւռքցիներուս սիրած ձեւն է), իւրաքանչիւրին վստահելով յատուկ կալուած մը, որովհետեւ ըլլալիք ուսումնասիրութիւնը շատ մասնագիտական պիտի ըլլայ եղեր, ինչպէս որ կը պատահի նոր օրերու իրաւաբաններուն, բժիշկներուն եւ այլ արհեստավարժներուն պարագային:
 
– Բայց չըսիր, թէ ի՞նչ է ուսումնասիրուելիքը: Ի՞նչ է. մեր ժողովուրդը լապորաթորի կենդանի՞ պիտի դարձնեն:
 
– Մօտաւորապէս անանկ բան մը, բայց… մասնագիտական եւ խորհրդապահական մօտեցումով:
 
– Չբանա՞ս գաղտնիքներուդ տոպրակը:
 
– Գիտեմ, որ քիչ մը անհամբեր ես. գիտես, որ կը սիրեմ քեզ քաշքշել: Ուրեմն լսէ՛, թէ ի՞նչ պիտի ուսումնասիրեն մասնագէտները.
 
Ա. Պիտի նային, թէ Հայ ժողովուրդը, մասնաւորաբար Հայաստանի մէջ մեծամասնութիւն կոչուողը (չէ, հոս պոլշեւիկ-մենշեւիկի՝ մեծամասնական-փոքրամասնականի հարց չկայ) ինչպէ՞ս կը հետեւի իշխանութեան ու կուլ կու տայ անոր սուտ քարոզչութիւնը, երբ ան բացայայտ պարտութենէ ետք կը գոչէ «չենք պարտուած», շատ մը իրականութիւններ կը ներկայացնէ գլխիվայր դարձած:
 
Բ. Պիտի ստուգեն, թէ բարեմի՜տ ժողովուրդը ինչպէ՞ս կը հանդուրժէ, որ ռազմական պարտութեան զուգահեռ, նաեւ դիւանագիտական հսկայական նահանջներ, կորուստներ արձանագրող իշխանութիւնը զիրենք կը համոզէ, թէ երկրին դիւանագիտութիւնը մեծ նուաճումներ կ’արձանագրէ՝ «խաղաղութիւն պիտի բերենք» յանկերգելով եւ նոր կորուստներու ճամբան լայնցնելով: Յատուկ ենթա՛-յանձնախումբ մը պիտի կազմուի, որպէսզի ուսումնասիրէ Հայաստանի դիւանագիտական մարզը կառավարողները, սկսելով վարչապետէն ու արտաքին գործոց նախարարէն՝ մինչեւ տարբեր երկիրներու մէջ դեսպանի, հիւպատոսի պաշտօնին կոչուածներուն ատակութիւնը, գիտելիքներ (աւելի ճիշդ բնորոշում պիտի ըլլայ ըսել… տ-գիտութիւնը, ան-ատակութիւնը): Նկատի պիտի առնուին մինչեւ իսկ անոնց՝ մերթ ընդ մերթ փայլատակող հայրենասիրական խօսքերը, «ազերիները կը խափանեն»ները: Գործակատարներ պիտի նշանակուին, հետապնդելու թէ այդ պաշտօնակատարները, մանաւանդ դեսպանները որքա՞ն ժամանակ կը տրամադրեն զբօսնելու, շուկաները պտտելու, արդեօք ժամանակ ունի՞ն իրենց պաշտօնը կատարելու, օրինակ՝ Հայաստանի բողոքներն ու դժգոհութիւնները օրը օրին հասցնելու իրենց առաքելութեան վայրերու պետութեանց: Ստուգում պիտի կատարուի, թէ արդեօք կեդրոնական իշխանութիւնը հոգ կ’ընէ՞ նման աշխատանք կատարելու, տեղեկագիրներ յղելու եւ գործի մղելու իր ներկայացուցիչները, թէ վերջնականապէս որդեգրած է գերիներու հարցէն ձեռք լուալու վարքագիծին զուգահեռ վարմունքներ:
 
Գ. Այլ ենթայանձնախումբ մը պիտի ուսումնասիրէ, թէ ժողովուրդ մը ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ ինքնակամ կերպով կը հրաժարի իր պատմութենէն, երկրին աշխարհագրական շրջաններէն եւ կ’ընդունի, որ իր հայրենիքը մաս առ մաս նուէր կը տրուի դարաւոր թշնամիներուն: Այս խմբակի գործին մաս պիտի կազմէ քննարկել, թէ վարչապետն ու իր «պոչիկները» ինչո՞ւ պատմականօրէն հայկական ճանչցուած շրջաններ, քաղաքներ եւ գիւղեր կը կոչեն թրքական անուններով եւ ժողովուրդն ալ կը համոզուի, որ նման շրջաններ այսպէս՝ ըստ կամս նուէր տրուին ազերիներուն, խոստացուին թուրքերուն (պատմագէտներ եւ ծինաբաններ ստալինականութեան հետքեր պիտի փնտռեն նման մարդոց մէջ):
 
Դ. Խմբակի մը պարտականութիւնը պիտի ըլլայ ուսումնասիրել 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան հասցնող պայմանները, իսկ մէկ ենթա-ենթայանձնախումբ պիտի պատրաստէ ցանկը այն շրջաններուն, որոնց մասին որեւէ նշում չէ եղած այդ համաձայնութեան մէջ, սակայն պատառ-պատառ նուէր կը տրուին թշնամիին, սկսելով Քարվաճառէն: Ուշադրութեան առարկայ պիտի ըլլայ այն, որ օրին անընդունելի եւ անհանդուրժելի նկատուած այդ յայտարարութիւնը հիմա ինչո՞ւ կը դիտուի բաղձալի բան մը, «գոնէ անոր պայմանները յարգեն»ներ կը հնչեն ամէն օր…
 
Ե. Յատուկ եւ շատ մասնագիտական ուսումնասիրութեան պիտի ենթարկուի այն երեսը, թէ Երեւանի իշխանաւորները ինչո՞ւ կ’ընդունին, որ ապաշրջափակում եւ սահմանազատում խորագիրներուն տակ, Հայաստանի իրաւունքները կը նահատակուին հետեւողական կերպով, որոշ շրջաններ կը մատնուին հայաթափումի՝ նախիջեւանանալու վտանգին, իսկ ժողովորդը այս բոլորը կ’ընդունի առանց ընդվզումի, կը հրաժարի իր իրաւունքներէն, չի բոլորուիր հայրենիքը եւ մեր իրաւունքները պաշտպանելու ելած ընդդիմադիրներուն շուրջը, զանոնք չի մղեր դարձեալ առաջնորդելու ազատագրական երթը, կ’ընդունի, որ Հայաստան իր ուժերը հեռացնէ Արցախի մնացեալ մասէն եւ յանցաւորներ փնտռէ այլոց մէջ:
 
Զ. Իբրեւ զուգահեռ ուսումնասիրութիւն, լուսարձակի տակ պիտի բերուին իշխանաւորներուն, անոնց ծիրին մէջ մտածներուն եւ նորացուած հիներուն այն կապերը, որոնք պատրաստ են երկրին ու ազգին շահերուն վրայ ասֆալթ փռելու՝ բանալու համար Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի հետ շահակցական անվաղորդայն արահետները:
Է. Մասնագիտական քննարկումի պիտի ենթարկուի ժողովուրդը տարանջատելու՝ բաժան-բաժան ընելու իշխանաւորներուն քայլերուն արձանագրած յաջողութիւնները: Այս ծիրին մէջ, ենթա-ենթայանձնախումբ մը պիտի ուսումնասիրէ հայրենի եւ արտերկրի հայութեան միջեւ վիհեր ստեղծելու եւ զանոնք անմրցելի աշխուժութեամբ խորացնելու իշխանաւորներուն «քաղաքականութիւնը»: Լուսարձակ պիտի կեդրոնացուի, օրինակ, դաշնակցական գործիչներու Հայաստան մուտքին դէմ անբացատրելի արգելքներուն, կամ՝ Սփիւռքի յանձնակատարին ժրաջան աշխատանքին վրայ, որուն գործնական հետեւանքը կ’ըլլայ ջուր լեցնել խորացող վիհին մէջ, որպէսզի հոն ուղղուողները ջրամոյն ըլլան: Հոս պիտի կազմուի պատմագէտներու խմբակ մը, քննարկելու համար, թէ արդեօք համայնավար իշխանութեան օրերուն գործող՝ Սփիւռքի հետ կապի կոմիտէն նման ընթացք ունէ՞ր, թէ անոր մինչեւ իսկ միականի վարմունքը այսքան վնասաբեր չէր հայութեան երկու մեծ հատուածներուն համար:
 
Ը. Իսկական պատմագէտներու պիտի վստահուի յատուկ պարտականութիւն մը, ստուգելու, որ Հայկական Ցեղասպանութենէն բխող հարցերը, ժառանգութիւնը, իրաւատիրութիւն եւ այլն, արդեօք հայութեան ո՞ր հատուածներուն կալուածն են, հայաստանաբնակները պէ՞տք է ձեռք լուան իրաւատիրութենէն, թէ կուրօրէն անսալով վարչապետի «տրամաբանութեան», ըսեն, որ մեզի ի՜նչ, թող սփիւռքցիները հետապնդեն այդ դատը, ինչպէս ըրած են 1920-ականներէն մինչեւ վերանկախացում, հոգ չէ թէ քանի մը տասնամեակ, Հայաստանի իշխանութիւնները յարեցան այդ աշխատանքին: Արցախի մասին Հայաստանի իշխանութեան նորագոյն կեցուածքներն ալ պիտի ուսումնասիրուին այս մօտեցումով, տեսնելու՝ թէ Արցախի մնացեալ գօտիէն ալ իրողապէս ձեռք լուալու Երեւանի իշխանաւորներուն ընթացքը արդա՞ր է, որքանո՞վ հետեւանք է արտաքին ճնշումներու (որոնք ո՛չ մէկ ատեն դադրած են, թէեւ եղած են քիչ թէ շատ իմաստուն մարդիկ, որ հնարքներ գտած են զանոնք մեղմելու կամ աւելի նպաստաւոր խուսանաւումներ կատարելու), թէ՝ նոյն իշխանաւորները ինչո՞ւ այսքան փութկոտ են ընդառաջելու Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ իրերայաջորդ եւ անվերջանալի պահանջներուն, իսկ աւելի՛ փութկոտ՝ իրաւունք եւ իրաւատիրութիւն պաշտպանողները ճնշելու արշաւին մէջ:
 
Թ. Յատուկ կալուած մը նկատուած է հայութեան հարցերուն լուծումը առաւելաբար դուրսէն սպասելու հոգեվիճակը, իշխանութեան տարածած քարոզչութեան դերն ու ազդեցութիւնը՝ այս ոլորտին մէջ, «մենք բան մըն ալ չենք կրնար ընել»ի (ան)տրամաբանութեան տարածումը զանգուածին մէջ, բայց մանաւանդ դրժումը եւ բթացումը այն գործիքներուն, որոնք հայութեան ձեռքին են դաշնակիցներու եւ բարեկամութիւն խաղացողներուն հետ յարաբերութեանց դաշտերուն մէջ: Այս խմբակը իբրեւ մեկնակէտ պիտի ունենայ այն, որ Հայաստանի իշխանութիւնը ինչո՞ւ միայն սիրողական մօտեցումով եւ բացայայտ կրաւորականութեամբ կը մօտենայ Միջազգային օրէնքներուն եւ անոնց ընձեռած կարելիութիւններուն: Ենթաբաժին մըն է հակառուսականութեան շեշտադրումն ու արեւմտամէտութեան խարազանումը, երբ Արեւմուտքի յառաջամարտիկը՝ նոյնինքն Թուրքիան է, իր Ատրպէյճան պոչիկով ու համաթուրանական երազներով:
 
Ժ. Քաղաքական-դիւանագիտական-հողակորուստի եւ նմանօրինակ՝ վերոյիշեալ կալուածներուն կողքին, ենթայանձնախումբեր պիտի կազմուին «ներքին» վիճակներու խոր ուսումնասիրութեան եւ նկատուած նահանջներուն պատճառներուն ստուգման համար: Օրինակ, Հայաստանի տնտեսութեան իրական նահանջը՝ սղութիւն, առեւտուրի սահմանափակում, նոր ծրագիրներու բերելիք վնասներ, ջուրի եւ այլ կենսական բաներու տագնապներ, ազգային հաստատութիւններու դէմ բացայայտ արշաւներ (եկեղեցական հաստատութիւն, պետական համալսարան, հայագիտութեան կալուածներ եւ այլ), ընկերաբանական-ընկերային հարցեր (աղքատութեան ծաւալում, գիւղերու պարպումի նոր վտանգներ, նորարարութեան եւ արեւմտեան «չափանիշներու» յարմարելու պատճառաբանութեամբ դիմագիծի այլափոխում-այլասերում…): Եւ այս բոլորին մէջ՝ ժողովուրդին հանդուրժողութեան, խաբուելու կարողութեան սահմանները:
 
ԺԱ. …
 
– Է՛, կեցի՜ր,- ընդմիջեցի խօսակիցս: Արդէն տասնաբանեայ մը կազմեցիր: Չի՞ բաւեր. Մովսէս մարգարէն իսկ տասը պատուիրաններով բաւականացաւ:
 
– Ի՜նչ տասնաբանեայ, ի՜նչ մարգարէներ: Ուսումնասիրուելիք ամէնէն մեծ մարգարէն պիտի ըլլայ վարչապետն ու անոր առաքեալները, որոնց ստեղծած՝ ուսումնասիրելի վիճակներն ու կալուածները այնքան շատ են ու ընդարձակ, որ կարծես թէ հետեւած են Դանիէլ Վարուժանի՝ «Սերմնացան»ին ուղղուած խնդրանքին. Թող ձեռքիդ շարժումը անպարագիծ ըլլայ: Վարուժանին նպատակը բարի էր, ասոնք ալ բարի նպատակով ճամբայ ելած են, սակայն գործնապէս կը կիրարկեն օտարներու՝ «Դժոխքի ճամբան բարի նպատակներով կը սալայատակուի» (The road to hell is paved with good intentions) տրամաբանութեան:
 
– Այս մասնագէտներդ լուծում պիտի խոստանա՞ն, Իսկ Արցա՞խը…- հարցուցի՝ եզրակացութեան մը հասնինք-ի ձայնարկութեամբ մը:
 
– Դո՞ւն ալ սկսած ես յոյսդ դուրսերուն վրայ դնել կամ Արցախը Հայաստանէն անջատ շրջան տեսնել,- ըսաւ զայրոյթով:- Բարեկա՛մ, Եղիշէ Չարենցը, համայնավար ըլլալով հանդերձ, օր մը հասաւ անվիճելի եւ ազգասիրական ճշմարտութեան մը. փրկութիւնդ միասնական ուժիդ մէջ է՝ ըսաւ մարդը: Մեր հարցերուն լուծում ԿԸ ՍԿՍԻ այս ձախաւերներու, պարտութիւն բերածներու եւ նոր պարտութիւններու ճամբայ բացողներուն վայրկեան առաջ հեռացումով, որուն համար, անյետաձգելի է զանգուածներուն, իրարու պէս չմտածող զանգուածներուն մէկտեղումը՝ փրկարար եւ ամբողջական ծրագիրի մը շուրջ: Իսկ անկէ ետք, «Դեռ ճամբայ ունինք, պիտ’ հասնինք Սասուն»…
 
– Ո՞վ պիտի ընէ ատիկա…
 
– Ըսի, չէ՞: Ժողովո՛ւրդը: Անոնք՝ որ կը հաւատան մեր պատմութեան, մեր իրաւունքներուն արդարութեան եւ թշնամին դարձեալ նահանջի մատնելու մեր կարողութեան: Անո՛նք են իսկական մեծամասնութիւնը:
 
– Ասոնք ցնորք ու երազ են՝ կ’ըսեն զանգուածները առաջնորդող իշխանաւորները…
 
– Բան չգիտցողներն ու բան ընելու անկարողները, իրաւունք հետապնդելու տրամադրութիւն չունեցողները, բնականաբար, այդպէս պիտի ըսեն: Կարեւորը՝ ժողովուրդին արթնացումն է, իրականութիւններուն իրազեկութիւնը, թարմացումը անոր յիշողութեան՝ թէ մօտիկ ու հեռաւոր անցեալներուն, «երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»: Մենք իրաւունք չունինք որդեգրելու պարտեալներուն եւ հայրենաթողներուն տրամաբանութիւնը, որովհետեւ նախ՝ մեր ժողովուրդը չ’ընդունիր եւ չի ներեր նման կեցուածք, յետոյ, նոյն այդ ժողովուրդը պատմութիւն կերտած է զարթօնքներ կերտելու եւ յաղթանակներ կերտելու մէջ: Ասիկա չտեսնելը՝ կը նշանակէ անհաղորդ ըլլալ ժողովուրդին, պատմութեան ու աշխարհագրութեան:
 
Սարգիս Մահսերէճեան