ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնած է, որ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը շարունակէ ապատեղեկատուութիւն տարածել, յայտարարելով, թէ ՀՀ Զինեալ Ուժերու ստորաբաժանումները նախորդ քանի մը օրերուն գնդակոծած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի քանի մը ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերը: Յիշուած է, որ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանը յարաբերականօրէն կայուն է, ՀՀ Զինեալ Ուժերու լիարժէք վերահսկողութեան տակ կը գտնուի: