“Լուրեր”._Վերջին շրջանին հայ-իրանական պետական սահմանի բաժինին մէջ ստեղծուած է լարուած իրավիճակ, որ պայմանաւորուած է Իրանէն Հայաստան թմրամիջոցներու եւ հոգեներգործուն նիւթերու (հաշիշ, մեթամֆեթամին, հերոին) ապօրինի տեղափոխման փորձերու յաւելումով:
 
Այս մասին «Լուրերուն» յայտնած են Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ Անվտանգութեան Դաշնային Ծառայութեան (ԱԴԾ) սահմանապահ վարչութենէն։
 
Յիշուած է, որ բացի այդ՝ արձանագրուած են ծայրայեղական եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէն Հայաստանի պետական սահմանի խախտման դէպքեր։ 2021_ին Մեղրիի սահմանապահ ջոկատի հատուածին մէջ ռուս սահմանապահները ձերբակալած են երկու զինեալներ՝ զէնքով, նռնականէտներով եւ մեծ քանակութեամբ զինամթերքով, որոնք ապօրինի կերպով մուտք գործած էին Իրանէն։
 
«Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան ապահովման նպատակով, «Պետական սահմանի մասին» ՀՀ օրէնքին համաձայն, Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան, Ազգային Անվտանգության Ծառայութեան եւ այլ իրաւասու մարմիններու հետ համաձայնութեամբ՝ ընթացիկ տարուան սկիզբէն կազմաւորուած են սահմանային հսկողութեան ծառայութեան իրականացման շարք մը կահաւորուած դիրքեր՝ անհրաժեշտութեան պարագային (իսկ սահմանախախտներու որոնումի եւ հետապնդումի պարագային՝ առանց բացառութեան) նախաձեռնութիւններ իրականացնելու անձերու եւ երթեւեկային միջոցներուն նկատմամբ՝ մաքսանենգութեան, անօրինական տեղաշարժումներու եւ այլ իրաւախախտումներու փաստերու յայտնաբերման, կանխումի եւ խափանումի նպատակով: Սահմանային գօտիին մէջ տեղաշարժող քաղաքացիներէն կը խնդրենք ըմբռնումով մօտենալ իրաւապահ մարմիններու օրինական պահանջներուն», յայտնած են Հայաստանի Ռուսիոյ Անվտանգային Դաշնութեան Ծառայութեան սահմանապահ վարչութենէն։
 
Հայաստանի Հանրապետութեան Ռուսիոյ Անվտանգային Դաշնութեան Ծառայութեան սահմանապահ վարչութիւնը Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ Հայաստանի պետական ​​սահմանի պաշտպանութիւնը կ’իրականացնէ «Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ տեղակայուած Ռուսիոյ Դաշնութեան սահմանապահ զօրքերու կարգավիճակին եւ անոնց գործունէութեան պայմաններու մասին» միջպետական պայմանագիրի հիման վրայ, որ ստորագրուած է երկու երկիրներու միջեւ 1992 թուականին: