Երեքշաբթի, 9 Օգոստոս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Լիբանանի Հզպալլա կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար սեյիտ Հասան Նասրալլա իսլամական կրօնական հանդիսութեան մը առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Սուրիոյ իրավիճակին ու ըսաւ. «Սուրիան յաղթահարեց իր դէմ մղուած համաշխարհային պատերազմը, սակայն ժամանակը հասաւ, որ բոլորս միաձայն պահանջենք Սուրիոյ վրայ բանեցուած պաշարման եւ տնտեսական ապօրինի պատժամիջոցներու ճնշումին վերացումը»։
Նասրալլա յայտնեց, որ ԱՄՆ եւ անոր դաշնակիցները Սուրիոյ, Եամանի եւ Կազզայի վրայ տնտեսական պատժամիջոցներ կը պարտադրեն, որպէսզի ժողովուրդներուն տառապանքը առաւել եւս սաստկացնեն։