Եթէ ձեր ձեռքին տակ ունիք ազգայի-յեղափոխական երգարան մը, քանի մը վայրկեան տրամադրեցէք ու թղթատեցէք անոր էջերը: Կը բաւէ միայն արագ-արագ անցնիլ խորագիրներուն վրայէն, կարդալ քանի մը տող, տեսնելու համար, թէ դարաւոր կամ ժամանակակից երգեր ինչպիսի՛ պատգամներ, ժամանակ չճանչցո՛ղ պատգամներ ունին մեզի, մանաւանդ անոնց՝ որոնք այսօր լծուած են Արցախն ու Հայաստանը թուրք-ազերի թշնամիին նուիրելու «առաքելութեան», մեր ժողովուրդը կը մղեն ուրանալու ինքնութիւնը, մատնուելու ԻՆՔՆԱԼՔՈՒՄԻ ու ՀԱՅՐԵՆԱԼՔՈՒՄԻ, այսինքն՝ այս երգերուն ոգիին հակադրուելու, զանոինք դրժելու գործնապէս:

Կան երգեր, որոնք ունին հեղինակ, ուրիշներ դասուած են ժողովրդական-ժողովրդայինի խմբաւորումին մէջ: Բոլորն ալ խորքին մէջ ժողովուրդի հոգիէն, կեանքէն ու պայքարէն բխած են, լիովին որդեգրուած են զանգուածներէն եւ իրերայաջորդ սերունդներէ. մաս մը կ’արտայայտեն ողբ ու վիշտ, ուրիշներ մարտակոչ են, յաղթանակներու պանծացում, յաղթանակ տանելու հայուն կամքին ու կարողութեան հայելին: Անոնք փաստագրած են, որ հայը, հարկադրաբար նետուելով անհաւասար կռիւներու մէջ, ունեցած է կորուստներ, սակայն նաեւ տարած է յաղթանակներ, հոգ չէ թէ թշնամին ընդհանրապէս ունեցած է գերակայութիւն:

 

ՈՂԲԻ ԵՐԳԵՐ

Քանի մը քաղուածք՝ ողբի ու վիշտի երգերէ, որոնց բառերը եթէ մանր պատշաճեցումներու ենթարկուին, կը դառնան այժմէական:

 

  1. Հայաստանից մեզ հանում են,
    Խօսէք Հայաստանի լեռներ…

…Առաջ Մասիս սարը մերն էր:

Այսօր ալ մեզ կը հանեն Շուշիէն, Քարվաճառէն, Հատրութէն, վաղը պիտի հանեն Աղաւնոյէն ու Բերձորէն: Չենք մոռցած, որ Մասիս սարը այսօ՛ր ալ մերն է: Եթէ Հայաստանէն հանողը անցեալին միայն ցեղասպան թուրքն էր, այսօր ան Հայաստանի մէջ գտած է հլու կամակատարներ, չյայտարարուած դաշնակիցներ, որոնք կը փորձեն հազար ցամքած աղբիւրէ ջուր բերել, հաւատացնելու՝ թէ անկարող ենք դիմակայելու թշնամիին գերհզօր ուժին, անոր կողքին կանգնող դաշնակիցներուն…

  1. Կոտորածն անգութ, հայերը թող լան,

Անապատ դարձաւ շքեղ Ատանան…

… Ինչո՞ւ չի շարժիր ապառաժ Զէյթուն:

Ատանան դար մը առաջ էր: Երէկ կոտորած էր Արցախի մէջ, անապատ դարձան Շուշին ու այլ շէներ, վաղը անոնց պիտի հետեւին Լաչինի անցքին շրջակայ աւանները: Այսօր միայն մասնակիօրէն կը շարժի ապառաժ Սփիւռքը, սակայն ո՛չ այն թափով, որ եղաւ փրոթոքոլներու օրերուն:

  1. Երբոր կործանուեց չքնաղ մեր Անին,

Ենթարկուեցինք մենք օտարի լծին:

Կորել էր հովիւը, փռուել էր հօտը,

Թուրքին էր մնացել հայոց արօտը:

Շուշիի ու Գետաշէնի կործանումէն ետք, Արցախի եւ Հայաստանի այլ աւաններ կը գտնուին նոյն սպառնալիքին տակ: Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններէ ալ գիւղացիներ կը կողոպտուին, կ’առեւանգուին: Թշնամին նպատակադրած է, Արցախէն ետք, կուլ տալ Սիւնիքը, հասնիլ Երեւան եւ այլուր, լրումին հասցնել թուրանական երազը, հայաթափել ամբողջ Հայաստանը: Երեւանի իշխանաւորներն ու անոնց Արցախի պոչիկները կամաւոր կերպով լծակից են ծրագիրին իրականացման, մինչեւ իսկ դարձած են ազնիւ յորդորներ բաշխող. «Ձեր տուները մի՛ այրէք ազերիին յանձնելէ առաջ», այլապէս այրողը կրնայ զրկուիլ փոխհատուցումէ: Չէ՞ որ հիմա ամէն հարց փոխհատուցումով կարելի է լուծել. Գորիս-Կապան ճամբուն փոխարէն, կու տան փոխհատուցման՝ այլընտրանքային ճամբու  խաբկանքը, իսկ Արցախէն բռնագաղթածները հատուցման խոստումներուն իրականացման կը սպասեն ահաւասիկ երկու տարիէ ի վեր:

  1. Հալածուած ենք Հայաստանի լեռներէն,

Ո՞վ չի վախնար հուրով, սուրով մեռնելէն…

Հալածուեցանք նաեւ Արցախի լեռներէն ու դաշտերէն. կարծէք թէ մոռցած ենք 1992-1994 տարիները: Իշխանաւորները կը փորձեն ամէն միջոցով նսեմացնել այդ, ու մինչեւ իսկ՝ ֆետայական շարժումի օրերու յաղթանակները:

Ու մեր ժողովուրդին մէկ հատուածը կը մնայ գերին՝ «հիները» դատափետող, իրենց ձախորդութիւնները մի՛շտ ուրիշին ճիտին փաթթող խմբակի քարոզչութեան: Մոռցած է՝ թէ ի՛նք էր «հիներուն» հեռացման նեցուկ կանգնողը, չի տեսներ՝ թէ այսօրուան իշխանաւորները գլած-անցած են «հիներուն» մեղքերը, կ’ուրանան հայրենիք, պատմութիւն, ազգային դիմագիծ, «խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն պիտի բերենք»ի պատրանքներով ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ կը կործանեն, կը փոշիացնեն, զանգուածն ալ կը դարձնեն այդ արշաւին լծակիցը: Փտածութիւնը նորացուած է ու պաշտօնական կնիքներ ստացած:

 

ԶԱՐԹՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԵՐԳԵՐ

Ցասումի ու կորուստներու մասին կան բազմաթիւ այլ երգեր, սակայն մեր կեանքը միայն սուգի եւ ողբի դրուագներով չէ կերտուած: Անոնց դիմաց կը ծածանին հետեւեալները (ու բազմաթիւ ուրիշներ): Արձանագրենք՝ առանց երկար մեկնաբանութեան, որովհետեւ պատգամները պերճախօս են ու անժամանցելի.

  1. Զարթի՛ր, որդեա՛կ, ուշ բեր, վե՛ր կաց,

Պատերազմի փողն հնչեց,

Զարթի՛ր, գոչեց ձայնն հայրենեաց,

Կենաց-մահու ժամն հնչեց:

  1. Ի զէ՛ն, հայե՛ր, ի սուր եւ ի հրացան,

Տաճկահայաստանից կոչում է մի ձայն…

«Տաճկահայաստան»ն ու Նախիջեւանը չենք մոռցած, սակայն այսօրուան կոչերը կը հնչեն Արցախէն, Սիւնիքէն ու Հայաստանի սահմանային գօտիներէն: Զէնքը միայն թօփ-թիւֆէնք չի նշանակեր, այսօրուան աշխարհին մէջ կը նշանակէ նա՛եւ քաղաքական ու դիւանագիտական բազուկներ, որոնք այս իշխանութեան օրով անդամալուծութեան մատնուած են, ինչպէս… զինեալ բազուկը:

  1. Խուժան, ասկեար զօրք է ժողվել…

…Սուլթան կ’ուզի ջնջել մըզի,

Զարթի՛ր, Լաօ՛, մըռնի՛մ քըզի:

Այս կոչը ամիսներէ ի վեր կը հնչէ Հայաստանի հրապարակներէն,  ընդդիմադիրներուն ներշնչումով, անոնց՝ որոնք կ’աշխատին հայրենքի փրկութեան հաւատացողները համախմբել իրենց շուրջը: Այսօրուան «Սուլթան»ը Էրտողանն են ու Ալիեւը (մնացեալը չկրկնենք):

  1. Հիմի՞ էլ լռենք, եղբարք, հիմի՞ էլ,

Երբ մեր թշնամին իր սուրն է դրել,

…Ականջ չի դնում մեր լաց ու կոծին:

            …Թող լռէ մունջը, անդամալոյծը,

            Քան որոց քաղցր է թշնամու լուծը,

            Բայց մենք, որ ունինք հոգի ու սիրտ քաջ,

            Ե՛կ, անվա՛խ ելլենք թշնամու առաջ…

Յստակ չէ՞, թէ որոնց համար հաճելի է «թշնամու լուծը»: Իսկ հայութիւնը, քաջարի հայը երբեք չէ ընկրկած հայրենիքի պաշտպանութեան դաշտերուն մէջ, որդեգրած է Աբովեանի նշանաւոր պատգամը. «Եթէ կ’ուզէք ազգ ու հայրենիք  պահել, մեռէք անոնց համար»:

  1. Դարձեալ փայլեց Սասնոյ գլխին

Ազատութեան դրօշակ…

1994-էն ի վեր, մինչեւ աղէտալի պատերազմի վերջին օրերը, Շուշիի բարձունքին փայլած էր ազատութեան դրօշակը, վաղը դարձեա՛լ պիտի փայլի՝ հայուն ձեռքերուն միացումով, Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն իրարու միացած ձեռքերով:

  1. Արեւ ելաւ, զէյթունցինե՛ր,

Դէ՛, ձի հեծնենք, առնենք զէնքեր, դիմենք յառաջ,

Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ գլուխ ծռենք

Բռնաւորին մեր վիզ պարզած:

            …Կեցցէ՛ Զէյթուն, ապրի՛ Զէյթուն,

            Թող չտեսնէ՛ ստրկութիւն,

            Քանի ունի մեզ պէս որդիք,

            Կեցցէ՛ Զէյթուն, ապրի՛ Զէյթուն:

            Կրկնե՞նք. Զէյթունը այսօր Արցախն է, իր Շուշիով, Քարվաճառով, Աղաւնոյով եւ Բերձորով: Անոնք ունի՛ն «մեզ պէս որդիք»: Դարեր առաջ, երբ Վարդանանք կը յայտարարէին՝ «Քու սուրդ, մեր պարանոցը», հլու-հպատակ դառնալու եւ անիմաստօրէն մորթոտուելու մասին չէին մտածեր, այլ այդ խօսքերը մարտահրաւէր էին՝ յաղթանակի կամքով: Դարեր առաջ անոնք վճռած էին բռնաւորին առջեւ վիզ չծռել:

  1. Երնէ՜կ թէ այս նոր տարին

Վերջ տար հայի ցաւերին…

            …Ազատ շնչէր Հայաստան,

            Ու շուրջ Մասիս մեր սարին

            Փայլէին վարդ-անդաստան:

Երնէկ(…) Հայ Ազգ ի մի գումարուէր,

Ի գլուխ Կարնոյ հայ ամրին

Հայի դրօշ ծածանէր:

            …Հայե՛ր, երբե՛ք չերկմտիք,

Կը կատարուի այդ ամէն,

Եթէ ի սպառ մենք հանենք

Փոքրոգութիւն մեր սրտէն…

Աւելցնենք՝ եթէ հայութեան կեանքէն վանենք նաեւ թշնամիին ծրագիրներուն լծակիցները, հայրենիքն ու պետութիւնը կործանման տանողները:

  1. Ելէ՛ք, հայեր, ելէ՛ք, ելէ՛ք պայքարի,

Ելէ՛ք, որ մեր գոյութիւն չխաւարի,

Եւ Հայաստան ամուր բռնի Արցախին,

Որ թուրք ցեղը չմորթի քո զաւակներին:

            Գողանում են մեր պատմութիւն, մշակոյթ,

            Ուզում են յաւէրժ ջնջել հայ ժողովուրդ,

            Թէ չփրկենք մենք Արցախին, մենք չկանք…

Մեր պատմութիւնն ու մշակոյթը գողցող, փոշիացնողը միայն թուրքն ու ազերին չեն: «Քալողներ»ն ու ՔՊ-ական «հանճարներ» ալ ներքին ճակատներու վրայ պայքար բացած են հայագիտութեան, Ազգային Եկեղեցի հաստատութեան, հայկական աւադներուն, ընտանիքին եւ, մէկ խօսքով՝ մեզ մեր դարաւոր ժառանգութեանց կապող արժէքներուն դէմ:

  1. Գերեզմանիս թող արձանին վրայ

Գրեն՝ յաղթութեան թէ կոթող է սա,

Թող տեսնէ Հայաստան, թող կարդան հայ քաջեր,

Տեսնեն իւրեանց ընկեր

Նահատակ է պառկեր ծոցն Հայաստանի:

Քանի՜-քանի «յաղթութեան կոթողներ» կանգնած են Եռաբլուրի, Հայաստանի ու Արցախի ամբողջ տարածքին:

  1. Կռուեցէ՛ք, տղե՛րք, կռուեցէ՛ք քաջ-քաջ,

Անվեհեր կանգնած թշնամու առաջ…

            …Մեռնի՛նք, յուսալով մերն է ապագան,

            Մեռնենք, բայց կեցցէ՛, կեցցէ՛ Հայաստան…

  1. Արազի ափին ծնած ընկեր,

Էն Արազին մենք մատաղ,

Մութ բանտերում տանջուած ընկեր…

            Ուռռա՛, ուռռա՛ ուռռա,

            Քաջ Նժդեհի սուրը շողշողայ:

Նման երգերով հարուստ է մեր ժողովուրդը, կ’ապրի անոնցմով:

***

Այս սիւնակն ու ընտրուած օրինակները չարձանագրեցինք զգացականութեան նժոյգը մտրակահարելու տրամաբանութեամբ, մեր ոտքերը աշխարհի այսօրուան դաժան իրականութիւններէն կտրելով:

Այս երգերը ծնած են անցեալի ու երէկի նո՛յնքան դառն իրականութիւններէն, մի՛շտ ալ անհաւասար պայքարներէ: Պայքարին տէրն ու մարմնաւորումը եղած է մեր ժողովուրդը, որուն ծոցէն ծնած են, անոր հարազատ են Անդրանիկները, Արամները, ֆետայիներն ու բոլոր հերոսամարտերը կերտողները: Եւ այսօր, երբ Երեւանի պարտեալ ու պարտուողական իշխանութիւնը հեռացնելու կոչեր կը հնչեն ընդդիմադիրներու շարքերէն, անոնց նպատակն է ժողովուրդին յիշեցնել, թէ անհատներէ անդին ու անոնցմէ վեր՝ կայ հայրենիքը, կան ազգն ու Պատմութիւնը՝ բազում ժառանգութիւններով: Իսկ ժողովուրդը ի՛նք կերտած է Սարդարապատն ու նախընթաց հերոսամարտերը:

Ու պատահական չէ, որ «Զարթի՛ր, լաօ՛» մարտակոչն ալ զգեցած է այժմէականութիւն:

Եւ թող ո՛չ ոք ժպրհի այս երգերը յորջորջել «հին», ինչպէս որ հիներու շարքին կը դասուին երէկի յաղթանակներուն բազմաթիւ կերտիչներ, կը ժպրհին այլափոխել Դաշնակցութեան ու ԱԶԳԱՅԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆՑ իրագործումները, աւանդները, չհինցող պատգամները, որոնց հայելին են այս երգերը:

 

Ս. ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ

9 Օգոստոս 2022