Արցախի Բերձոր, Աղաւնոյ եւ Ներքին Սուս համայնքներու բնակչութիւնը տարհանելու նպատակով, ներկայիս ցուցակագրման գործընթաց կը կատարուի՝ յստակացնելու համար, թէ որո՛նք կ’ուզեն հաստատուիլ Արցախ, որո՛նք՝ Հայաստան:
«Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Հայկ Խանումեան, որ նաեւ յայտնեց, թէ երեք համայնքներուն մէջ, ընդհանուր առմամբ, շուրջ 100 ընտանիքներ կը բնակին: «Համայնքապետները կը ներկայացնեն համապատասխան ցուցակները եւ ըստ այդմ՝ կը լուծուի Արցախ տեղափոխուող ընտանիքներու բնակարան ապահովելու հարցը:
Այն ընտանիքները, որոնք կը տեղափոխուին Հայաստանի Հանրապետութիւն, կը ստանան բնակարան գնելու վկայագիր, իսկ մինչ այդ՝ բնակարանի վարձավճարի փոխհատուցում: Նախնական տուեալներով Արցախ հաստատուելու ցանկութիւն  յայտնած է նշուած համայնքներու բնակչութեան մօտ 25-30 տոկոսը», յայտնեց Խանումեան:
Ան ընդգծեց, որ արդէն յստակ է, թէ ո՛ւր պիտի տեղաւորուին Բերձորէն, Աղաւնոյէն եւ Ներքին Սուսէն տարհանուող ընտանիքներէն Արցախ բնակելու փափաք յայտնողները, որոնց պետութիւնը բնակարան պիտի տրամադրէ։
Խօսելով տարհանման ընթացքին վերաբերող հարցերուն մասին՝ Խանումեան յայտնեց, որ տեղափոխման հարցերը պիտի լուծուին միջազգային զանազան կազմակերպութիւններու, անհրաժեշտութեան պարագային՝ նաեւ  պետութեան օգնութեամբ:
Ըստ անոր՝ մինչեւ 25 Օգոստոս կարելի է արագ եւ ժամանակին կազմակերպել տարհանումը:
Մինչ այդ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը իր կարգին կը կատարէ  պատմամշակութային ժառանգութիւնը դուրս բերելու աշխատանքը:
Պատասխանելով Արցախ-Հայաստան այլընտրանքային ուղիով երթեւեկ կազմակերպելու առանձնայատկութիւններուն եւ անոր կից կառուցուող նոր ենթակառոյցներուն առնչուող հարցումին՝ Խանումեան բացատրեց, որ նոր երթուղին կը սկսի Տասը Վերստ բնակավայրէն, կ’անցնի Մեծ Շէն, Հին Շէն եւ Քաշաթաղի շրջանի Աղանուս համայնքի վարչական տարածքով եւ կը հասնի մինչեւ Հայաստանի սահմանը:
«Տակաւին կառուցուած չէ դէպի Կոռնիձոր 11 քիլոմեթրնոց ճանապարհահատուածը: Մինչ այդ, ժամանակաւորապէս կ’անցնինք 4 քիլոմեթր երկայնքով փոքր հատուածով, որ կը միանայ գործող  մայրուղիին Աղաւնոյի վերի մասը», ըսաւ Խանումեան աւելցնելով, որ այլընտրանքային ուղին պիտի գործէ միջանցքի տրամաբանութեամբ:
Ըստ անոր՝ Հայաստանի սահմանէն Կոռնիձոր երկարող ուղին կը նախատեսուի կառուցել շուրջ 250 օրերու ընթացքին:
Այլընտրանքային ճամբու ապահովութիւնը պիտի ըլլայ ներկայիս Բերձոր-Աղաւնոյով  անցնող միջանցքի սկզբունքով. նոր երթուղիի 5 քիլոմեթրնոց հատուածին մէջ պիտի տեղակայուի ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը:
Աղաւնոյի գիւղապետ Անդրանիկ Չաւուշեան«Նիւզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Հայկ Խանումեանը մեզի տարհանման ծրագիրը ներկայացուցած է, ըսած է ո՛վ ուր պիտի երթայ, ի՛նչ պիտի ընէ: Մենք փաստաթուղթեր պիտի լեցնենք, լրացնենք, պիտի նշենք իւրաքանչիւրս ո՛ւր պիտի երթայ: Ընդհանուր առմամբ գիւղի բնակիչները պատրաստ էին, գիտէին ի՛նչ պիտի ըլլայ: Այսքան ժամանակ մեզի չէին աջակցեր, զօրք չէին բերեր: Ժողովուրդին, եթէ զէնք բերեն, տան, հզօրացնեն, բոլորն ալ պայքարող են: Ոչ ոք կ’ուզէ իր տունէն դուրս գալ», նշեց Չաւուշեան:
Անդրանիկ Չաւուշեանի համաձայն, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ եւս հարցը քննարկուած է:
«Նախագահը ո՛չ բացատրած, ո՛չ ալ պատճառաբանած կրնայ, քանի որ ինք բանակցող կողմ չէ: Ես զինք չեմ արդարացներ, բայց իրմէ ի՞նչ պահանջենք: Փաշինեանն է այս վիճակին հասցնողը: Իր կարգախօսն է բոլորը մեղաւոր են իրմէ բացի», ընդգծեց Անդրանիկ Չաւուշեան:
Տեղացիները յայտնած են նաեւ, որ իրենց թելադրուած է բնակարանները չհրկիզել, այլապէս կրնան զրկուիլ փոխհատուցման գումարէն: