Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը հրապարակեց 2022-2023 ուսումնական տարեշրջանին երկրորդականի 10-րդ կարգ ընդունուելու պայմանները: Ըստ նախարարութեան հաղորդագրութեան, երկրորդականի գիտական եւ գրական բաժիններ կ՛ընդունուին 2006-ի,2007-ի,2008-ի եւ 2009-ի ծնունդ աշակերտները, իւրաքանչիւր նահանգ որոշ գնահատանիշի մը ապահովման պայմանով: Այսպէս.- Հալէպի մէջ 10-րդ կարգ ընդունուելու համար աշակերտը պէտք է պրովէի քննութեան ապահոված ըլլայ նուազագոյնը՝ 1655, Դամասոկսի մէջ՝ 1733, Լաթաքիոյ եւ յարակից աւաններուն մէջ՝ 2019, Հասիչի մէջ՝ 1608 եւ այլն: