Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբի աշխատանքներուն հետեւանքով` Նոր Հարաւային Ուելզ նահանգի խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի անդամները 9 Օգոստոսին դիմած են Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Փօնի Վոնկին՝ պահանջելով դատապարտել ատրպէյճանական յարձակումը։ Նամակը միատեղ ստորագրած են Նոր Հարաւային Ուելզի օրէնսդրական համագումարի խօսնակ Ճօնաթան Օտեան եւ օրէնսդրական խորհուրդի անդամ Ուոլտ Սեքորտ։ Վերջինս Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահն է։
 
Նամակին մէջ յատկապէս անդրադարձ կատարուած է քաղաքացիական բնակավայրերու ուղղութեամբ ատրպէյճանական վերջին յարձակումներուն եւ Նոյեմբեր 2020_ին ձեւաւորուած շփման գիծը խախտելու ատրպէյճանական փորձերուն, որ յանգեցուցած է զոհերու ու վիրաւորումներու եւ խախտել մարդու շարք մը հիմնարար իրաւունքներ։ Նամակը ստորագրած խորհրդարանականները աւստրալիական կառավարութենէն պահանջած են հրապարակաւ դատապարտել ատրպէյճանական յարձակումը։
 
Ի թիւս այլնի, նամակի հեղինակները նաեւ ընդգծած են, որ ատրպէյճանական վերջին յարձակումը, որ նպատակ կը հետապնդէ ցեղային զտումի ենթարկել Բերձորի ու Աղաւնոյի շրջանները, ուրկէ կ’անցնի Լաչինի միջանցքը, Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան 7-րդ յօդուածի աղաղակող խախտում է։
 
Անդրադառնալով յիշեալ գրութեան՝ Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Մայքլ Քոլոքոսյեան յայտարարած է․ «Աւստրալիահայ համայնքի անունով շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ճոնաթան Օտեային եւ Ուոլթ Սեքորտին՝ բազմաթիւ միջազգային քաղաքական առաջնորդներու միանալու համար, որոնք կը ձգտին պաշտպանել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքները՝ փորձելով կանխել ինքոնորոշուած Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ ատրպէյճանական յարձակումը»։
 
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
11.08.2022