Ձիրք կը նշանակէ շնորհք, նուէր. յատկութիւն մը, որ իւրաքանչիւր մարդու մէջ կը յայտնուի տարբեր ձեւերով ու տարբեր ազդեցութիւններու տակ: Միջավայրը կ’օգնէ անձին որ ինքզինք քննէ, զննէ, տեսնէ արուեստի կամ արհեստի որ մարզին կ’առնչուի իր հակումը:
Մանկութեանս, ընտանիքս կը յուշէր որ այս կամ այն ձիրքս պէտք է զարգացնեմ, սակայն ես չէի կողմնորոշուեր, փոքր էի, իսկ հակումներս՝ տեսակաւոր:
Երբ 3-4 տարեկան էի, սենեակիս մէջ խաղալիքներով խաղցած պահուս եղանակներ կը յօրինէի, կ’երգէի, իսկ ծնողներս աննկատ մտիկ կ’ընէին: Քիչ մը մեծնալէս ետք ուզեցի մաս կազմել երգչախումբի: Երբ ուսուցչուհին ձայնիս տարողութիւնը կը փորձէր, խնդրեց որ «Աթունա աթթֆուլի» արաբերէն երգը երգեմ: Այդ օրերուն որքան կ’ամչնայի հանրութեան դիմաց երգելէ: Սակայն «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» երգչախումբին մաս կազմելով ու 2 անգամ մեներգելով ինքնաբերաբար համարձակ դարձայ:
Երգի կողքին ասմունքն ալ եղած է նախասիրութիւններէս մէկը: Մեծ հօրս ու մօրս ընտանիքին մէջ գիր-գրականութեան եւ բանաստեղծութեան կարեւորութիւն կու տային. գիրքեր, գրադարան, ձեռնարկներու ներկայութիւն եւ այլն: 4-րդ կարգ էի, երբ կազմակերպուեցաւ ասմունքի մրցոյթ մը, եւ ուսուցչուհին, մեզմէ խնդրեց որ իւրաքանչիւրս քերթուած մը սորվի:
Մեծ մօրս օգնութեամբ ընտրեցի սրտիս խօսող կտոր մը՝ «Կշեռք»: Ուսուցչուհիս հետաքրքրութեամբ հետեւեցաւ ասմունքիս ու քաջալերեց, որ մասնակցիմ մրցոյթին: Այս քաջալերանքը եւ մրցոյթներուն առաջնակարգ հանդիսանալս պատճառ եղան, որ զարգացնեմ ասմունքելու ձիրքս:
Ունէի այլ նախասիրութիւն մըն ալ՝ թատրոնը: Պատանեկան Միութեան կազմակերպած բանակումներուն սովորութիւն դարձած էր խարուկահանդէսին զաւեշտ մը պատրաստել: Փափաքեցայ մաս կազմել զաւեշտի խումբին, ուստի հետաքրքրութիւնս աւելի զարգացաւ ու  Հալէպ վերադարձիս հրաւէր ստացայ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերական միաւորէն՝ մաս կազմելու մանկապատանեկան թատրոնին:
Այս բոլորին կողքին, կը հաւատա՞ք, հետաքրքրութիւններս յագուրդ չունէին: Մարզանքը կը սիրէի: Ուստի  ՀՄԸՄ-ի թենիսի փորձերուն ալ հետեւեցայ: Քանի մը տարի մարզուեցայ, սակայն  պատերազմն ու մարզիչին գաղթելը պատճառ դարձան, որ մարզանքէն հեռանամ:
Երբ 6-րդ կարգ էի, մարզանքի ուսուցչուհիս թելադրեց միանալ ՀՄԸՄ-ի պասքեթի խումբին: Պասքեթի մեր խումբը Հալէպի պատանեկան աղջկանց խումբերուն ախոյեանը դարձաւ:
Երաժշտական դպրոցին ալ հետեւելով  մաս կազմեցի ջութակահարներու խումբին:
Այս բոլորը պատանեկութիւնս դարձուցին հաճելի ու  հետաքրքրական:
Հետեւաբար, եթէ ունիք հետաքրքրութիւն որեւէ արուեստի կամ մարզաձեւի նկատմամբ, թաքուն մի՛ ձգէք զայն:
Զարգացուցէ՛ք ձեր հետաքրքրութիւնները ու հարստացուցէ՛ք ձեր ժամերը: Մեր միջավայրը կը նպաստէ ձիրքերու յայտնաբերումին, սակայն միայն յարատեւութեամբ կրնաք կատարելութեան հասնիլ:
Արինա Պօշկեզէնեան