Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան դիմատետրի իր էջով յայտնած է, որ 11 Օգոստոսին Աւստրալիոյ Ազատական Կուսակցութիւնը Նոր Հարաւային Ուելզի մէջ տեղի ունեցած համաժողովին ճանչցած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած՝ հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները՝ դիմելով Աւստրալիոյ դաշնային կառավարութեան՝ նոյնպէս ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը։
 
«Օրերս Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութիւնը դատապարտող յայտարարութեամբ հանդէս եկած է նաեւ Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելզ նահանգի խորհրդարանի հայ-աւստրալիական բարեկամութեան խումբը։
 
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աւստրալիոյ Ազատական Կուսակցութեան եւ Նոր Հարաւային Ուելզ նահանգի խորհրդարանի հայ-աւստրալիական բարեկամութեան խումբին նման նախաձեռնութիւններուն համար։ Սա քաղաքական եւ բարոյական կարեւոր աջակցութիւն է Արցախի ժողովուրդին եւ մարդասիրութեան ու բարեկամութեան օրինակելի դրսեւորում։
 
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ աւստրալահայ համայնքին՝ Արցախին մշտապէս աջակցելուն համար։ Աւստրալահայ համայնքը մեր Սփիւռքի ամենակազմակերպուած օճախներէն մէկն է, որ մշտապէս ներգրաւուած է համահայկական հարցերու լուծման եւ մեր ազգային շահերու պաշտպանութեան», գրած է ան: