ՔԱՆԱՅԷԻ ԱՊԱԳԱՆ
Անցեալ սերունդներուն մշտատեւ գուրգուրանքին առարկան՝ Քանայէն, Հալէպի ապագայ սերունդին համար այլեւս օգտակարութիւն մը չունեցաւ:
Ֆրանսական տիրապետութեան օրերուն, ջրանցքին վրայ բաց ըլլալով, կիներ կու գային իրենց լուացքը ընելու: Այսպէս ջուրը ամէն տեսակ աղտեղութեանց ենթակայ կը դառնար: Այդ տարիներուն, Հալէպի Ֆրանսական  զինուորական հիւանդանոցի մանրէաբանական աշխատանոցը մանրադիտակային քննութեան ենթարկելով  Քասթալ-ալ Հարամիի ջուրը, իւրաքանչիւր լիթրին մէջ 20000-էն 40000  քոլիպասիլ գտաւ (մանրէի տեսակ):
Այս վիճակը շատ  ալ յոյս չէր ներշնչեր, որ օր մը ջրամբարին ճիւղաւորումները կրնան վերահաստատուիլ: Արդէն օր է օր կը կործանէին:
Հալէպի բրիտանական հիւպատոս Աղեքսադր Ռուսէլ օրին կ’անդրադառնայ Հէյլանէի նշանաւոր ջրանցքին ու Հալէպի շրջակայքի արտերուն:
«Ութը մղոն հեռաւորութեամբ դէպի հիւսիսային կողմը Հէյլան գիւղի երկու ակնաղբիւրները քաղաքին կու տային ընտիր ջուր մը:
Այս ջուրը քաղաք կը փոխադրուէր ջերմ ուղիով մը, մասամբ գետնին հաւասար, իսկ կարգ մը տեղեր ալ ծածկուած, շատ տեղեր վրան բոլորովին բաց եւ մաս մըն ալ ստորերկրեայ ճամբով՝ ուր ջուրը կը զովանայ օդի հոսանքով: Կարգ մը դարձուածքներէ վերջ ջուրը քաղաք կը մտնէ, հիւսիսարեւելեան կողմէն, իսկ ջուրը հողէ կամ կապարէ շինուած խողովակներով կը բաշխուի հանրային աղբիւրներուն, բաղնիքներուն, կանանոցներուն եւ այն տուներուն, որոնք յանձնառու կ’ըլլան ջրաբաշխութեան ծախսերուն: Միւս տուները եւ կամ անոնք, որոնք քաղաքին բարձրադիր մասերուն վրայ շինուած են, իրենց ջուրը ջրկիրներէն կ’ապահովեն, որոնք յատկապէս պատրաստուած այծի մորթերու մէջ եւ իշու վրայ կրելով կը տանին»:
Հալէպի պատմագիրներ, մասնաւորապէս բանաստեղծներ շատ կը գովեն ջուրին սքանչելի յատկութիւնները, գերադասելով զայն  ո՛չ միայն Դամասկոսի ջուրէն ու Եփրատէն,այլ նաեւ Նեղոսէն: Տուներէն ներս ջուրը հողէ կուժերու մէջ կը պահուէին:
Քաղաքին աղբիւրները գլխաւոր փողոցներուն մէջ հասարակաց էին ու  իւրաքանչիւր մզկիթի քով եւ շուկայի մէջ աղբիւր մը կ’ըլլար միշտ, զորս անհատներ կառուցած էին բարեսիրական նպատակով:
Հէյլանէն դէպի քաղաք մտնելու ընթացքին ջրմուղը կը ջրէր  պարտէզներու շարք մը: Իսկ ջրմուղի մաքրումին ատեն Քուէյքէն ջուր կը բերէին:
Պարտէզներու երկար շարք մը կար, մօտաւորապէս 12 մղոն երկարութեամբ, այսինքն Հէյլանէն մինչեւ քաղաքին հարաւակողմէն չորս մղոն անդին: Պարտէզներու այս շարքը գետի երկայնքին էր:
Քուէյք, թէեւ փոքրիկ գետակ մը, բայց իր տեւական հոսումով ու Քանայէի կանոնաւոր ջրաբաշխութեամբ, կրցած էր դարերով բաւարարել Հալէպի պարտէզները: Տեսանք արդէն որ շատ բանաստեղծներ հիացումով  նկարագրած են Հալէպը՝ անտառախիտ դիրքը, տարատեսակ ծառերը, քաղաքը ներկայացնելով իբրեւ Սուրիոյ ծառազարդ քաղաքներին մին:
Գետին երկու ափերուն վրայ այնքան դիւրութեամբ եւ մեծ թիւով կանգնող ուռիներէն եւ կաղմախիի ծառերէն այսօր հետք մը չէ մնացած: Այս տխուր վիճակին վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ Քուէյքի հետզհետէ ցամքելու վիճակը, որ նոր բարդութիւններ ստեղծած է 1919-էն վեր, երբ անոր բաւական առատ ակերուն  ջուրերը գրեթէ ամբողջութեամբ յատկացուած են սուրիական սահմանէն անդին մնացող արտերուն, պարտէզներուն եւ այգիներուն՝ զրկելով Հալէպը շրջապատող պարտէզներն ու արտերը իրենց օրհնաբեր ջուրէն:
Իրականութիւնը այս ըլլալով հանդերձ, պէտք է ի պատիւ Հալէպի չարքաշ եւ տնտեսագէտ բնակչութեան ընդունիլ, որ ան երբեմնի աւերուածութիւնները յաջողեցաւ աստիճանաբար դարմանել, հոգ չէ թէ առանց գիւղատնտեսութեան եւ երկրագործութեան ծանօթ ըլլալու, վերստին շէնցնելով նախնական արօրովն ու բահովը իր սեփական պարտէզներն ու հայրենի կալուածները, իր ձեռքի եւ քրտինքի արդիւնքները տանիլ ցուցադրելով բազմամարդ քաղաքի շուկաներուն վրայ, ուր սպառումը սննդական նիւթերու արտակարգօրէն շատցաւ հայ եկուոր զանգուածներու եւ օտար բանակի մը, այնպէս որ պահանջքի համապատասխան չկրցաւ ըլլալ թարմ սննդեղէններու մատուցումը, մնալով կարօտ երբեմն Անտիոքի եւ տարիներէ ի վեր ալ Դամասկոսի պտուղներուն եւ բանջարեղէններուն:
Սուրիոյ անկախացումէն ետք, Թուրքիա ամէն նենգ միջոցի դիմեց զրկելու Հալէպի բնակչութիւնը Հէյլանէն հոսող ջուրէն: Հակառակ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած համաձայնութեան (Նոյեմբեր 1921), ըստ որուն Հէյլանէն Քուէյք հասնող ջուրը պիտի օգտագործուէր երկու երկիրներուն կողմէ որոշ համեմատութեամբ, Թուրքիան ամբարտակներ շինեց ու 1925-ին փոխեց գետին ուղղութիւնը՝ զայն ուղղելով դէպի Թուրքիա, որպէսզի ջուրը Հալէպի բնակչութեան չհասնի:
ՀԱԼԷՊ, իր ներկայ վիճակով ալ կրնայ իր հոծ բնակչութեան սննդական բոլոր պէտքերը հոգալ, եթէ պարտէզներուն եւ այգիներուն տէրերը մտածեն գիտական կիրարկումներով զարգացնել իրենց կալուածները եւ փոքր տարածութեամբ պարտէզներուն մէջ շատ աւելի բերք ստանալ:
Օգտագործուած աղբիւրներ։
«Պատմութիւն Հալէպի Հայոց», Բ. Հատոր, Արտաւազդ Սուրմէեան:
«Քուէյք, Որ Գետ Մը Չէ Պարզապէս», առցանց ուսումնասիրութիւն «Ալ Ճումհուրիէ», Մուսթաֆա Ապու Շէմս:
(Շար.2 եւ վերջ)
Պատրաստեց՝ Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան