ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականի հայ մարզիկ Մարտիկ Մարտիկեան մէկ տարուան պայմանագրութեամբ միացաւ Իրաքի Շըրթա խումբին: Աւելցնենք, որ Մարտիկ մաս կազմած է այլ խումբերու, որոնց հետ արձանագրած է փայլուն արդիւնքներ:
– Սուրիոյ մազական գերագոյն դաշնութիւնը անցեալ շաբթուան ընթացքին յատուկ հանդիսութեամբ պարգեւատրեց վերջերս Ալճերիոյ Ուահրան քաղաքին մէջ կայացած Միջերկրականի երկիրներու Ողիմպիական մրցումներուն փայլուն արդիւնքներ արձանագրող մարզիկները: Սոյն հանդիսութեան պարգեւատրուեցաւ նաեւ Սուրիոյ աթլեթի պատմական ախոյեան Ղատա Շուաաը:
– Սուրիոյ ֆութպոլի դաշնութեան որոշումով այս տարեշրջանին Ա- մակարդակի ախոյեանութեան մրցակից խումբերը իրաւունք ունեցան իրենց խումբերուն մէջ ներառնել արհեստավարժ օտար մարզիկներ: Իւրաքանչիւր ակումբ իրաւունք ունի իր կազմին միացնել երկու օտար խաղացող:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
Ֆրանսայի Փարիզ Սան Ժերման ակումբը պաշտօնապէս ներկայացուց խումբին նորեկ փորթուկալցի խաղացող Ռինաթօ Սանչէզը: Սանչէզ վերջին տարեշրջանին մաս կը կազմէր Ֆրանսական Լիլ խումբին, եւ անոր հետ կրցած էր ներկայանալ բարձրորակ մակարդակի խաղարկութեամբ։ Փորթուկալցի մարզիկին հետ բանակցութիւններ վարեց նաեւ Իտալիոյ Միլանը: Ըստ ակումբի դիմատետրին, Սանչէզ Սան Ժերմանին հետ ստորագրած է հինգ տարուան տեւողութեան պայմանագրութիւն մը, որ վերջ պիտի գտնէ 2027-ին: Ան նախապէս մաս կազմած է նաեւ գերմանական Պայերն Միունեխին, որուն հետ տիրացած է ինը տիտղոսի:
ԱՐՍԷՆԱԼԻ ԴԱՐՊԱՍԱՊԱՀԸ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԵՑԱՒ ՎՈԼՀԱՄ
Անգլիոյ Ֆոլհամ ակումբը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ խումբին միացուցած է Արսենալի դարպասապահ Պիրէնտ Լինօն: Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններուն, 30 տարեկան մարզիկը Վոլհամին հետ պիտի մնայ մինչեւ 2025-ի աւարտը: Նախապէս ան մաս կազմած է գերմանական Պայերն Լիվերքուզէն խումբին:
Չէլսի կ’առաջարկէ Խումբին Միացնել Ինթէրի խաղացողը։
Լոնտոնի «Չելսին» փափաք ունի ձեռք բերել Իտալիայի փոխ ախոյեան Ինթէր Միլանի 19-տարեկան իտալացի կիսապաշտպան Չեզարէ Կազադէիին։ Փոխադրութեան արժէքը կարող է հասնիլ 20 միլիոն տոլարի: Իտալիոյ մինչեւ 19 տարեկաններու հաւաքականի խաղացող Փաուլօ Բուզարդօ այս շաբաթ Միլանի մէջ կը բանակցի լոնտոնեան ակումբի ներկայացուցիչին հետ Չեզարէ Կազադէիի փոխադրութեան հարցով։
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան