ԱՄՆ նախագահ Պայտըն եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կարելի է Սեպտեմբերին հանդիպում ունենան Նիւ Եորքի մէջ: Այս մասին յայտնած է թրքական Sabah թերթը։ «Թուրքիոյ կողմէն F-16-ի գնումին շուրջ բանակցութիւնները շատոնց ընթացքի մէջ են: Յաջորդ ամիս Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի գագաթնաժողովին նախագահ Էրտողանի եւ ԱՄՆ նախագահ Պայտընի կարելի հանդիպումին ընթացքին այս հարցը օրակարգի վրայ պիտի ըլլայ», ըսուած է թրքական թերթի հրապարակումին մէջ։