Երեքշաբթի, 16 Օգոստոս 2022-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան այցելեց Ս. Գէորգ եկեղեցի եւ մօտէն հետեւեցաւ այնտեղ տարուած վերանորոգութեան աշխատանքներուն։
Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէին Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան եւ Կալուածոց Հոգաբարձութեան ատենապետ տիար Կարպիս Մարաշլեան:
 
Սրբազան Հայրը հետեւելով վերանորոգութեան աշխատանքներուն, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց եւ գնահատեց Կալուածոց Հոգաբարձութիւնը՝ իրենց աչալուրջ հետապնդումին եւ բծախնդիր աշխատանքին համար:
 
Յիշենք, որ անցնող ամիսներուն վերանորոգութեան ծաւալուն աշխատանք տարուեցաւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին բարձր տնօրինութեամբ, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին եւ անհատ բարերարներու նուիրատուութեամբ՝ Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ գտնուող Ս. Գէորգ եկեղեցիին վերադարձնելու իր պայծառ տեսքը եւ կրկին անգամ ծաղկեցնելու ժողովուրդին հոգեւոր կեանքը: