Սուրիոյ տագնապի սկիզբէն Թուրքիան ամէն ջանք ի գործ դրաւ տապալելու Սուրիոյ իշխանութիւնը եւ ապահովական գօտիներ հաստատելու պատրուակով Սուրիա թափանցելու:
11 տարիներ վերջ, սակայն, Թուրքիոյ ընդդիմութեան եւ քաղաքական տարբեր ուժերու կարծիքով, Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր թերութիւններէն մէկը համարուեցաւ Սուրիոյ տագնապին մէջ երկրի իշխող ուժին խրուիլն ու Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու հիմնովին տապալումը:
Այսօր, 11 տարի վերջ, երբ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը անկումի շրջան կ’ապրի, երբ սուրիացի գաղթականներու հարցը գորդեան հանգոյցի նման կը սեղմէ Թուրքիոյ իշխող ուժին կոկորդը, Թուրքիա Սուրիոյ պետութեան հետ երկխօսութեան հաւանականութեան հարցը կ’արծարծէ տեղեկատուական դաշտին մէջ:
Սուրիական եւ թրքական լրատուադաշտին մէջ շրջանառուած տեղեկութիւններուն համաձայն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, այլ ժողովի մը առիթով, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ կարճ զրոյցի մը ընթացքին հաստատած է Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման, Սուրիոյ իշխանութեան եւ զինեալ ընդդիմութեան երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու վերականգնումին անհրաժեշտութիւնը:
Իրականութեան մէջ, Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան այս շրջադարձը եթէ մէկ կողմէ ռուս-իրանական յորդորին վրայ կը յենի, միւս կողմէ, նախագահական ընտրութիւններու սեմին, Թուրքիոյ ընդդիմութեան խաղաքարտերու տապալման համար կատարուած փորձ մըն է, որ յաջողութեան հասնելու համար սակայն գործնական քայլերու կը կարօտի: Վերջին շրջանին Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը կ’ուղղուի դրացի երկիրներուն հետ (ներառեալ՝ Հայաստանի) տարիներու ընթացքին քայքայուած ու զեռօ մակարդակի հասած յարաբերութիւններու աստիճանական բարելաւման:
Թուրքիոյ ընդդիմութիւնը կը շեշտէ, որ սուրիական տագնապին միջամուխ ըլլալով, Թուրքիա չկրցաւ քրտական գործօնին ազդեցութիւնը նուազեցնել, միւս կողմէ մինչեւ օրս մեծ գումարներ կը յատկացնէ Սուրիոյ մէջ իր զինուորական ներկայութիւնը պահելու եւ զինեալները մատակարարելու համար, ինչ որ Թուրքիոյ տնտեսութեան վրայ բացասական ազդեցութիւն կը շարունակէ ունենալ:
Միւս կողմէ, սուրիացի գաղթականներուն հարցը կը շարունակէ մնալ անլոյծ, իսկ Թուրքիան այսուհետ, գաղթականներու հարցով սպառնալով եւրոպական երկիրներու, ոչ մէկ ներդրում կրնայ ստանալ: Եւրոպան ու ողջ աշխարհը այսօր խրուած է ուքրանական պատերազմին հետեւանքով յառաջացած տնտեսական ու աշխարհաքաղաքական հարցերու մէջ:
Թուրքիոյ ընդդիմութիւնը ի նպաստ կ’արտայայտուի Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւման, հետեւաբար, Թուրքիոյ իշխող ուժը ընդդիմութեան այս խաղաքարտը խլելու համար կը փորձէ Սուրիոյ հետ մերձեցման եզրեր գտնել Ռուսիոյ օժանդակութեամբ:
Սուրիական կողմը թէեւ ցարդ պաշտօնական ոչ մէկ անդրադարձ ունեցաւ թրքական կողմի մերձեցման ձեւական  քայլերուն, սակայն սուրիացի քաղաքագէտներ կը շեշտեն, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը նման հարցերու լուծման զգացական դիտանկիւնէ չի մօտենար: Սուրիոյ նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին վերջին տարիներու պատգամները յստակ էին. Սուրիա ներխուժած ուժերու հետ կարելի չէ բանակցիլ, նախ հարկ է որ անոնք դուրս գան սուրիական տարածքներէն ու յարգեն Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնը, ըստայնմ, Սուրիան երկրի ու ժողովուրդի շահերէն մեկնելով, պատրաստակամ կը դառնայ գործակցելու բոլորին հետ:
Երէկ Թուրքիա կրկին հրթիռակոծեց սուրիական զինուորական կեդրոններ, հաւանաբար մեղմացնելու Սուրիոյ զինեալ խմբաւորումներու զայրոյթը զիրենք անտէր թողելու Թուրքիոյ շրջուող քաղաքականութենէն, միւս կողմէ սուրիական կողմէն եւս մերձեցման տրամադրութիւն շօշափելու ակնկալութեամբ:
Վերջապէս Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ ունեցած այս շրջադարձը կարելի է թարգմանել Սուրիոյ դէմ պատերազմը շարունակելու հեռանկարի բացակայութեամբ, փոխարէնը որոնելու երկու երկիրներու տնտեսական շահերու մերձեցման կէտեր եւ Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտութենէն ձերբազատելու միջոցներ:
Թուրքիան Սուրիոյ պետութեան հետ երկխօսութեամբ միայն կրնայ հասնիլ վերոնշեալ իր մտահոգութիւնները վերացնող լուծումներու, երկու երկիրներու սահմանային ապահովութեան եւ յարաբերութեան կարգաւորման,  որովհետեւ Սուրիան Միջին Արեւելքի կարեւոր դարպասներէն մէկն է ու արաբական երկիրներու հետ իր յարաբերութիւններու կարգաւորումով  սկսած է վերականգնել արաբական աշխարհի մէջ եւս իր երբեմնի ազդեցիկ դերակատարութիւնը:
Այդուհանդերձ, մինչեւ Թուրքիան գործնական քայլերու դիմելու վճռականութիւնը ունենայ, Սուրիան, համտեսած ըլլալով Թուրքիոյ դաւադրական մօտեցումը, կը շարունակէ  իր տարածքները ազատագրելու վճռական քաղաքականութիւնը, անկախ թրքական կողմին խուսանաւումներէն: