ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐԸ  ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒՆ
Իտալական Polo Scolastico Paritario Don Bosco դպրոցի ուսուցիչ Չեզարէ Կ’ատան որոշեց իր աշակերտներուն արձակուրդի չղրկել, այլ 15 կէտերէ  բաղկացած շատ կարեւոր ամառնային առաջարկներ տալ անոնց: Առաջարկները Չեզարէն նաեւ յայտարարեց  իր դիմատետրի էջով: Գրառումը տասնեակ հազարաւոր հաւանումներու արժանացաւ եւ ամբողջ աշխարհի չորս կողմերէն շուրջ 10 հազար օգտատէրեր բաժնեկցեցան անոր գրառումը իրենց էջերով:
Այս արձագանգին պատճառը այն էր, որ մինչ օրս ոչ մէկ ուսուցիչի մտքէն  անցած էր նման հետաքրքրական արձակուրդային առաջարկներ յանձնարարել աշակերտներուն:
Ահաւասիկ այդ 15 թելադրանքերը:
1-Առաւօտեան քալեցէ՛ք ծովափին կամ պարտէզի մը մէջ առանձին, նայեցէ՛ք արեւի ցոլքերուն կանաչապատ մարգագետիններուն կամ ջուրին վրայ,  մտածեցէ՛ք, թէ ինչպէս կրնաք երջանիկ դառնալ:
2-Փորձեցէ՛ք օգտագործել նոր բառեր, որոնք սորված էք այս տարուան ընթացքին: Որքան շատ կրնաք արտայայտուիլ, այնքան հետաքրքրական կը դառնան ձեր միտքերը, իսկ որքան շատ միտքեր ունենաք, այնքան աւելի ազատ կը դառնաք:
3-Կարդացէ՛ք այնքան, որքան կրնաք: Բայց ոչ թէ առ ի պարտականութիւն: Կարդացէ՛ք, որովհետեւ ամառը երազանքներու եւ արկածներու համար է, իսկ կարդալը թռչելու պէս է: Կարդացէ՛ք, որովհետեւ ատիկա բողոքի լաւագոյն ձեւն է:
4-Խուսափեցէ՛ք այն բացասական միտքերէն ու ազդակներէն, իրերէ, մարդոցմէ, իրավիճակներէ: Փնտռեցէ՛ք ոգեշնչում եւ նոր ընկերներ, որոնք կը հարստացնեն ձեզ, կը հասկնան ու կը գնահատեն ձեզ:
5-Եթէ տխրութիւն կամ վախ կը զգաք, մի՛ անհանգստանաք: Ամառը, ինչպէս եւ աշխարհի մէջ ամէն հրաշալի բան, տակնուվրայ կ’ընէ հոգին: Անձնական օրագրութիւն պահեցէ՛ք: Գրեցէ՛ք ինչ որ կը զգաք: Իսկ եթէ կը փափաքիք, Սեպտեմբերին միասին կը կարդանք ձեր գրածները:
6-Պարեցէ՛ք եւ ոչ մէկ բանէ մի՛ ամչնաք, ոչ մէկ տեղ: Ամառը ուրախ պար մըն է, եւ յիմարութիւն է այդ պարին չմասնակցիլը:
7-Առնուազն մէկ անգամ արեւածագը դիմաւորեցէ՛ք: Լուռ կեցէ՛ք, խորունկ շունչ քաշեցէ՛ք, փակեցէ՛ք ձեր աչքերը եւ արտաշնչեցէ՛ք:
8-Մարզանքի հետեւեցէ՛ք:
9-Եթէ որեւէ մէկուն հանդէպ համակրանք զգաք, արտայայտուեցէ՛ք:
10-Վերընթերցեցէ՛ք դասերուն ընթացքին մեր կարդացած գիրքերուն մասին գրառումներ, համեմատէ՛ք զանոնք մեր սորվածին հետ:
11- Եղէ՛ք արեւի շողին պէս երջանի՛կ եւ ծովուն պէս անսահմա՛ն ու ազա՛տ:
12-Եղէ՛ք սիրալի՛ր ու բարի՛: Մի՛ օգտագործէք վատ բառեր:
13-Դիտեցէ՛ք լաւ ֆիլմեր, որպէսզի լաւացնէք թէ՛ հայերէնի, թէ՛ անգլերէնի իմացութիւնը, թէ ալ զարգացնէք ձեր  երազելու եւ զգալու կարողութիւնները:
14-Ամառը կախարդանք է: Առաւօտեան արեւածագին ու մայրամուտին գոյներուն հետ երազեցէ՛ք այն մասին, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ ձեր կեանքը: Աշխատեցէ՛ք այդ բոլորը իրականացնելու համար:
15-Պարզապէս լաւատես եղէ՛ք: Կեանքը ձեզի շնորհուած առիթ մըն է: Վայելեցէ՛ք զայն:
***
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԱԿԱՆ ԱՆԿԻՒՆ
—————————————–
ԻՆՉՈ՞Ւ
Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ զիս սիրեցիր,
Փոքրի՛կ աղջիկ, քեզի մե՜ղք էր.

Փոքրիկ ծոցիդ թիթե՜ռ պէտք էր,

Ռուբէն Սեւակ
           Ռուբէն Սեւակ
Դուն ծե՜ր արծիւ մը բանտեցիր…
Կապոյտ աչուերդ երբ որ բացիր,
Կապո՜յտ աղջիկ՝ պլպուլն երգ է՜ր.
Քե՛զ ալ սիրոյ մրմունջ պէտք էր,
Դուն գուժկան մռո՛ւնչս ընտրեցիր…
Ես կ’երթամ մի՜շտ, անծայրածի՜ր
Դամբաններ են ոտքիս հետքե՜ր.
Քեզ սիրոյ մեղմ սի՜ւք մը պէտք էր,
Դուն փոթորկի՜ն կուրծքդ բացիր…
Կ’այրի՜ն աչերըդ սեւածիր,
Պիտի մեռնի՜ս, այդպէս մ’երգեր.
Քեզի փոքրիկ սէր մը պէտք էր,
Դուն Սէր-Աստուածը սիրեցիր…