“Հորիզոն”._17 Օգոստոսին, Քանատայի Հայ Դատի Շրջանային յաձնախումբի պատուիրակութիւնը Մոնթրէալի Հայ կեդրոնէն ներս հիւրընկալեց Քանատայի ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի թեկնածու Փիեռ Փոլիէվրը։ Հանդիպման ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Քանատայի Վերին Պալատի պատգամաւոր ծերակուտական Լէօ Հուսաքոս։
 
Հանդիպման ընթացքին, Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Մհեր Գարագաշեան ներկայացուց գանատահայ համայնքը շահագրգռող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի առնչուող առաջնահերթութիւններ։ Իր կարգին, Փիեռ Փոլիէվր ներկայացուց որպէս Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարի թեկնածու քաղաքական իր ուղեգիծն ու ծրագիրները։