Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան նամակով դիմած է ԱՄՆ Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամներուն՝ կոչ ուղղելով յետաքննութիւն կատարելու Պայտընի վարչակազմին կողմէ Արցախի ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւն չտրամադրելու մասին, որովհետեւ Արցախ ենթարկուած է յարձակումի եւ ցեղային զտումներու, ինչպէս նաեւ ունի սնունդի, ջուրի, վառելանիւթի ու կենսապահովման համար անհրաժեշտ այլ աղբիւրներու տագնապ։ Յղում ընելով «Արցախի հայերուն սովամահ տեսնելու Ատրպէյճանի կառավարութեան մտադրութիւնը», Համբարեան ընդգծած է. «Ամերիկեան վարչակազմը Արցախի մէջ ապրող հայ ընտանիքներուն մարդասիրական օգնութիւն գրեթէ չէ ղրկած»։
Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբի նախագահը նաեւ նկատած է՝ «Ամերիկան պէտք չէ մեղսակից ըլլայ Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի հայ բնակչութեան ցեղային զտումին»։ Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբին գրութեամբ՝ ամերիկեան օրէնսդիրներէն պահանջուած է պետական քարտուղար Էնտոնի Պլինքընի եւ Միջազգային Զարգացման Ամերիկեան Գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուերի միջոցով Պայտընի վարչակազմէն ստանալ հետեւեալ չորս հարցերուն պատասխանները․
• Ի՞նչ որոշակի գործողութիւններու ձեռնարկած է Պայտընի վարչակազմը՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող եւ վտանգի տակ գտնուող հայերուն օգնելու համար (ծրագիրներու տրամադրում, գործընկերներու տուեալներ, պիւտճէ, ապրանքներ և համապատասխան այլ տեղեկատուութիւն)։
• Արդեօ՞ք Պայտընի վարչակազմը իրականացուցած է մարդկային ճգնաժամի մէջ գտնուող Արցախի հայ բնակչութեան կարիքներու գնահատումը։
• Պայտընի վարչակազմը պիւտճէի ինչպիսի՞ ծաւալ համարած է բաւարար եւ նպատակայարմար Արցախի հայ բնակչութեան առջեւ ծառացած մարդկային ճգնաժամը լուծելու համար:
Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի համակիրները, օգտագործելով յանձնախումբի համացանցային կայքի կարելիութիւնները, տասնեակ հազարաւոր նամակներ ղրկած են իրենց շրջաններու օրէնսդիրներուն՝ պահանջելով ամերիկեան օժանդակութիւն տրամադրել Արցախին։
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակ
23.08.2022