Սուրիական պատերազմի տարիներուն, Սուրիոյ հայկական վարժարանները բազում հարցեր դիմագրաւեցին.- ուսուցիչներու արտագաղթ, տնտեսական դժուարութիւններ, կառոյցներու ապահովութեան, ապա նաեւ վերաշինութեան հարցեր եւ այլն:
Այս հարցերուն լուծումը ժամանակի կը կարօտէր, բնականաբար, որովհետեւ համայնքը ապրեցաւ եւ տակաւին կ’ապրի ե՛ւ տնտեսական, ե՛ւ մարդուժի տագնապ ու այնքան ալ դիւրին չէ կախարդական ցպիկով մը բոլոր հարցերը միանգամայն լուծելն ու բարւոք վիճակի հասնիլը: Այսքանը բնական է:
Կրթական կեանքին մէջ, սակայն, ուսուցիչ մարդուժի պատրաստութեան համար ծրագրեալ աշխատանք մը չ’երեւիր համայնքի վարժարաններու ուսումնակրթական կեանքի կազմակերպման հորիզոնին վրայ: Յատկապէս հայերէնաւանդ ուսուցիչներու ապահովումը կարկտան լուծումներով տեղի կ’ունենայ: Մտահոգուող չկա՞յ, թէ նման կարեւոր հարցի լուծման ծրագիր չկայ ընդհանրապէս, հասկնալի չէ…
Սփիւռքահայ համայնքներու պահպանումն ու գոյատեւումը երաշխաւորող հիմնական ազդակը լեզուն է, այս պարագային՝ արեւմտահայերէնը: Արեւմտահայերէնի կորուստին եղերամայրերը անթիւ ու անհամար դարձած են մամուլի մէջ, թէ հրապարակի վրայ, ցաւօք սակայն գործնական լուծում որոնողներ երեւելի չեն: Յարգելի կը մնան կարգ մը բացառութիւնները:
Հայկական վարժարանները եւ կրթադաստիարակչական այլ հաստատութիւնները հարկ է օժտել մասնագէտներով, կամ մասնագէտներու կողմէ վերապատրաստուած նոր ուժերով: Կարկտան լուծումները երկար ժամանակի վրայ ապարդիւն կը մնան:
Բարեբախտաբար մեր համայնքը օժտուած է կրթական պատասխանատու մարմիններով, որոնց առաջին մտահոգութիւնը պէտք է դառնայ հայերէնաւանդ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան ծրագրեալ ու շարունակական աշխատանքի մը որդեգրումը կարելի փութկոտութեամբ:
Նոյն խօսքը կը վերաբերի նաեւ մամուլին, մամլոյ աշխատակիցներու պատրաստութեան, որպէս լեզուի, մտածողութեան զարգացման ու հայապահպանումի մէկ այլ կարեւոր ազդակ:
Միջոցները անհամար են, յատկապէս համացանցի ծով կարելիութիւններէն օգտուելով տարբեր մասնագէտներու փորձառութենէ օգտուելու դիւրութիւնը նկատի ունենալով:
Այլ հարց մըն է ուսուցչական ասպարէզին գրաւիչ դարձընելը, ինչ որ եւս ծրագրաւորումի կը կարօտի: Կարելի չէ ակնկալել մարդուժի պատրաստութենէ հասած վկայեալ ուսուցիչներու կամ գոյ, ատակ ու փորձառու ուսուցիչներու պահպանումը մեր վարժարաններէն ներս ներկայ նիւթական գնահատականներով, այդ ալ տնտեսական ներկայ անմխիթար պայմաններուն մէջ:
Այս հարցերուն լուծումը կրթական եւ ուսումնական մարմիններու նիստերուն անյետաձգելի օրակարգը դառնալու է, որպէսզի վերականգնումի ցարդ տարուած հսկայ աշխատանքը ամբողջական դառնայ ու կառոյցներու կողքին մարդուժի առեղծուածն ալ վերջապէս իր լուծումը գտնէ, առնուազն կրթական մարզին մէջ, ու արդիւնքը երեւելի դառնայ: