ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակը 26 Օգոստոս 2022_ին յայտարարութիւն հրապարակած է.
“Վերջին շաբթուան ընթացքին Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբին կողմէն իրականացուած համայնքային զօրաշարժին հետեւանքով` յանձնախումբի էլեկտրոնային կայքի ընձեռնած կարելիութիւններով, Ամերիկայի հայ համայնքի աւելի քան 100․000 գործուն անդամներ, ԱՄՆ ողջ տարածքէն, նամակներ ղրկած են իրենց տարածքներէն ընտրուած քոնկրէսականներուն՝ ահազանգելով Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի մէջ շարունակական ցեղային զտումներու մասին եւ պահանջելով անյապաղօրէն դադրեցնել ԱՄՆ-ի զինուորական օգնութիւնը Ալիեւի վարչակարգին։ Ուղարկուած նամակներուն մէջ հայկական ծագումով ԱՄՆ քաղաքացիները հարց բարձրացուցած են.«Ինչու՞ իմ տուած հարկային տոլարները կ’ուղարկէք քարիւղով հարուստ ատրպէյճանցի զինուորականներուն, որոնք քրիստոնեայ հայերուն ցեղային զտումը կ’իրականացնեն վերջիններուս բնիկ հայրենիքին՝ Արցախի մէջ»։
Յատկանշական է, որ Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբի «Արագ արձագանգումի ծրագիր»-ին, որուն միջոցով պիտի ուղարկուին նման գրութիւնները, բաժանորդագրուած են նաեւ ԱՄՆ ոչ հայ քաղաքացիներ, դաշնակից գործընկեր կազմակերպութիւններու գործողներ, որոնք նոյնպէս կ’օժանդակեն Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբի աշխատանքներուն։
 
Շարունակելով Ատրպէյճանին ամերիկեան օժանդակութենէն զրկելու պայքարի աշխատանքները՝ քոնկրէսականներ Ֆրենք Փալոն եւ Տինա Թիթուս նոր գործընթաց սկսած են Արցախի համար ամերիկեան օժանդակութիւն ապահովելու համար՝ խնդրելով օրէնսդիրներէն ստորագրել պետքարտուղար Էնտընի Պլինքընին եւ ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) ղեկավար Սամանթա Փաուերին ուղղուած քոնկրեսական նամակը, որով վերջիններուս կոչ ուղղուած «անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու Արցախի մէջ վտանգի տակ գտնուող հայ բնակչութեան նշանակալի օժանդակութիւն յատկացնելու համար»։
 
Քոնկրէսականներուն ուղղուած նամակին մէջ Փալոնն ու Թիթուսը ընդգծած են՝ մինչեւ օրս ԱՄՆ ՄԶԳ-ն ընդամէնը 5 միլիոն տոլար յատկացուցած է Արցախէն տեղահանուածներու օժանդակութեան, որոնք ներկայիս կը գտնուին Հայաստանի մէջ։ Քոնկրէսականները այդ գումարին չափը բաւարար չեն համարած մարդկային ճգնաժամը լուծելու համար եւ մտահոգութիւն յայտնած են, որ Արցախի բնակչութիւնը առհասարակ այդ օգնութիւնը չէ ստացած։Նամակով պետքարտուղար Էնտոնի Պլինքընին եւ ԱՄՆ ՄԶԳ ղեկավար Սամանթա Փաուերին կոչ ուղղուած է աւելցնել Արցախի ժողովուրդին տրամադրուող անմիջական օգնութիւնը, խթանել Բայտընի վարչակազմի ջանքերը Արցախին անմիջականօրէն աջակցելու ուղղութեամբ, իրականացնել Արցախի մէջ մարդկային ճգնաժամի մասին կարիքներու գնահատում։
 
ԱՄՆ Քոնկրէսի հայկական հարցերու խումբի համանախագահ Ճեքի Սպիեր եւ Ներկայացուցիչներու պալատի յետախուզութեան յանձնաժողովի նախագահ Ադամ Շիֆ արդէն իսկ յայտարարած են այս նախաձեռնութեան իրենց զօրակցութիւնը։ Հայ Դատի յանձնախումբը աշխատանքներ կը տանի կարելի եղածին չափ շատ քոնկրեսականներու ստորագրութիւն ապահովելու համար։
 
Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբի «Արագ արձագանգումի ծրագիր»-ին միջոցով այս պարագային եւս պիտի ապահովուի մեծաքանակ անհատական նամակներու յղում քոնկրէսական պաշտօնեաներուն։
 
Օրեր առաջ տեղեկացուցած էինք, որ Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան, նամակով դիմած է Քոնկրէսի ղեկավարութեան՝ կոչ ուղղելով հետաքննութիւն կատարել Պայտընի վարչակազմի կողմէն Արցախի ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւն չտրամադրելու առնչութեամբ, քանի որ վերջինս կ’ենթարկուի յարձակումի և ցեղային զտումներու, ինչպէս նաեւ ունի սնունդի, ջուրի, վառելիքի ու կենսապահովման համար անհրաժեշտ այլ աղբիւրներու տագնապ”։