Իմ առաջին սիրոյ պատմութիւնը պատմե՞մ ձեզի…:
Այդ սէրը միշտ իմ կողքին է, զգացումներուս արժէք տուողն է, կեանքիս դժուար օրերուն ինծի օգնողը եւ շա՜տ մեծ գուրգուրանք տածողը։ Իմ կեանքին աղն է ան, բոլոր երջանիկ պահերուս համեմը… կրնա՞ք կռահել թէ ո՛վ է ան: Յստակացնեմ հարցումս՝ կրնա՞ք կռահել թէ ովքե՛ր են անոնք…
Այդ սէրը որ զիս կը հարստացնէ եղբայրներուս սէրն է։
Մենք երկուորեակ ենք, իմ զոյգիս՝ եղբօրս, անունն է Ասատուր: Հակառակ անոր որ երկուորեակ ենք, զարմանալի ձեւով տարբեր ենք իրարմէ: Մեր անհատականութեան գիծերը, մտածելակերպը, նոյնիսկ մեր դիմագիծը տարբեր են։ Յաճախ կը վիճաբանինք, մեր կարծիքները միշտ հակասական են, տեւաբար զիրար կը քննադատենք, բայց միշտ ալ զիրար կ’ամբողջացնենք:
Եղբայրս իմ երկրորդ կէսն է: Իր տխրութեան պահուն ես ալ տխուր եմ: Իր ուրախութեան պահուն ես՝ իրմէ աւելի ուրախ: Մէկս միւսին ապրումները լիովին կը զգայ։ Երբ կը յիշեմ, որ երիտասարդներ պիտի դառնանք եւ տարբեր ճանապարհներ ընտրենք կեանքի մէջ՝ սկսեալ համալսարանի ճիւղերէն, կեանքը մոխրագոյն կը թուի ինծի, որովհետեւ եղբայրս կողքս պիտի չըլլայ, ինչպէս եղած է մինչեւ հիմա։
Ունիմ նաեւ մեծ եղբայր մը, աննման եւ հոգատար ընկեր մը: Մեր կեանքին մէջ բոլորս ալ անխտիր ունինք իտէալ անձ մը, որմով հետաքրքրուած ենք եւ կ’ուզենք ամէն բան իմանալ իր մասին։ Իմ իտէալը Գօգօն է, որուն ազդեցութիւնը մեծ է կեանքիս վրայ։ Ուր որ երթամ, ինչ ալ ընեմ, եղբօրս անձը իմ անձին ընդմէջէն կրնամ տեսնել: Անսահման շնորհակալ եմ իրմէ, որովհետեւ ահագին բան սորվեցուցած է ինծի:
Եղբայր ունենալը բախտաւորութիւն է: Կեանքի մէջ առաջին եւ անկեղծ սէրն է ան։ Ես կը հաւատամ, որ եղբայրներս կեանքին ինծի պարգեւած նուէրներն են։
Մեր սիրելիներուն արժէքը գիտնանք։ Անոնք մեր կեանքը կը հարստացնեն։
Ալինա Ղարիպեան