ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Սուրիոյ մարմնամարզութեան հաւաքականը Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին փայլուն արդիւնքներ արձանագրելով տիրացաւ  հինգ ոսկի, հինգ արծաթ եւ եօթ պրոնզ մետալներու:
 – Հալէպի Ահլի ակումբի պասքեթի տղոց խումբի լիբանանցի մարզիչ Ֆուատ Ապու Շաքրան ստորագրեց Լիպիոյ Իթթիհատ կազմին մարզիչութեան պաշտօնը: Ըստ Հալէպի ակումբին, լիբանանցի մասնագէտին կրկին պիտի վստահուէր Ահլիի մարզիչութիւնը, իսկ անոր հետ բանակցութիւնները հասած էին վերջին փուլ, սակայն Ապու Շաքրան փոխելով իր ուղղութիւնը մեկնեցաւ Լիպիա:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ԿՈՄԷԶ ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻԻՆ ՄԻԱՑԱՒ 
Անգլիոյ Մանչեսթըր Սիթի ակումբը իր պաշտօնական էջով յայտարարեց, թէ խումբին միացուցած է Պելճիքայի Անտըրլախտ խումբի կիսապաշտպան Սերժիօ Կոմէզը: Ըստ ակումբի դիմատետրի էջին, Կոմէզ չորս տարուան պայմանագրութեամբ պիտի կրէ խումբի թիւ 21 տարազը, որ նախապէս կը հագուէր սպանացի Տէյվիտ Սիլվան: Յիշենք, որ ամառնային փոխադրաշրջանին Կոմէզ 4-րդ խաղացողն է, որ կը միանայ Սիթիին: Նախապէս կազմին միացած էին Ըրլինկ Հալանտը, Քէվըն Ֆիլիփսը եւ Սթիւըն Օրինկան:
ԻՆԹԷՐ ՇԿՐԻՆԵԱՐԻՆ ՀԱՄԱՐ 80 ՄԻԼԻՈՆ ԵՒՐՕ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ 
Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սան Ժերմանը կը շարունակէ բանակցութիւնները Իտալիոյ փոխախոյեան Ինթէրի  պաշտպան Միլան Շկրինեարի փոխադրութեան հարցով: Ըստ Le Parisien-ին, միլանեան ակումբը 27-տարեկան մարզիկին համար պահանջած է 80 միլիոն եւրօ: Փարիզ Սան Ժերման պատրաստակամութիւն յայտնած է տրամադրելու 60 միլիոն եւրօ համաձայնութեան հասնելու համար։ Սլովաքիոյ հաւաքականի ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը Ինթէրի հետ նախատեսուած է մինչեւ Յունիս 2023։ Անոր ծառայութիւններով հետաքրքրուած է նաեւ Լոնտոնի Թոթենհամը: Շկրինեար Սամփթորիա խումբը լքելով Ինթէրին միացած է 2017-ին: Իտալիա անցած տարեշրջանին ան մասնակցած է 35 հանդիպման եւ նշանակած է 3 կոլ:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան