Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւի խօսքին համաձայն, այն երկիրները, որոնք իրականացուցած են Մինսքի խումբի համանախագահներու առաքելութիւնը, պէտք է ամչնան միջազգային հանրութենէն։
Հիքմէթ Հաճիեւ յայտնած է, որ ամբողջ աշխարհէն ներկայացուցիչներ այժմ Շուշի են.
«Եւրոպայի, Ասիոյ, Լատինական Ամերիկայի երկիրներու ներկայացուցիչները: Մեր դիւանագէտ ընկերներն ու գործընկերները չեն կրնար պահել իրենց զարմանքը Ատրպէյճանի կողմէն իրականացուող վերականգնումի աշխատանքներուն առնչութեամբ: Բայց կայ երկու երկիր, որոնք չեն մասնակցիր այս նախաձեռնութեան, անոնք են ԱՄՆ-ն եւ Ֆրանսան՝ անոնց բացակայութեան պատճառը այստեղ հասկնալ չենք կրնար… Հետագային անոնց այլեւս չենք հրաւիրեր…
Անոնց բացակայութիւնը, Մինսքի խումբի վերականգնումի եւ վերակենդանացումի մասին յայտարարութիւնները անգամ մը եւս ցոյց կու տան, թէ ինչ առաքելութիւն իրականացուցած են 30-ամեայ բանակցային գործընթացին գծով։ Անոնք չեն կրնար ընդունիլ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը կամ Շուշի քաղաքի վերակառուցման ու վերականգնման աշխատանքները։
Առաջին կարգին անոնք պէտք է պատասխան տան ատրպէյճանական ժողովուրդին։ Եթէ ​​իրենք իրենց կը համարեն Ատրպէյճանին բարեկամ երկիրներ, ապա պէտք է իմանան, որ Շուշին ատրպէյճանական ժողովուրդին սիրտն է, քաղաքը Ատրպէյճանի իւրաքանչիւր քաղաքացիի սրտի մէջ է։ Անոնք, որոնք այստեղ չեկան մէկ անգամ եւս ցոյց կու տան թէ 30 տարուան բանակցութիւններու ընթացքին ինչ նպատակներ ունին ու ինչով շահագրգռուած են»։