Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Ներքին Սուսի համայնքներէն տարհանուած ընտանիքները մեծ մասամբ հաստատուած են Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր մարզերու մէջ, մէկ մասն ալ, որ փափաք յայտնած է բնակիլ Արցախի մէջ, ժամանակաւորապէս տեղաւորուած է Ստեփանակերտի պանդոկներուն մէջ:
 
Այս մասին «Արցախփրէս»-ի թղթակիցի հետ զրոյցին ընթացքին տեղեկացուցած է Արցախի Հանրապետութեան Տարածքային Կառավարման եւ Ենթակառուցուածքներու Նախարարութեան ( ՏԿԵ) մամուլի խօսնակ Վիքթորիա Պետրոսեան։
 
«Բերձորէն, Աղաւնոյէն տեղահանուած բնակիչները, որոնք տեղաւորուած են Ստեփանակերտի տարբեր վայրերու մէջ, արդէն իսկ ստացած են այն աջակցութիւնը, որմէ օգտուած են 44-օրեայ պատերազմէն վերջ տեղահանուած մեր միւս հայրենակիցները: Ընտանիքներու չափահաս անձեր 4 ամիս շարունակ ստացած են 25 հազարական դրամ, անչափահասները՝ 50 հազարական: Բացի անկէ, անոնք օգտուած են 250 հազար դրամէ եւ տեղահանուած անձերուն հասնելիք այլ դրամական աջակցութիւններէն», յայտնած է ան: ՏԿԵ նախարարութեան մամուլի խօսնակին խօսքին համաձայն, գերատեսչութիւնը տարբեր գործընկերներու միջոցով օժանդակած է Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Ներքին Սուսի բնակիչներուն տարհանման գործընթացի կազմակերպումին եւ գոյքի տեղափոխման հարցով: «Այս բնակավայրերէն տեղահանուած մեր հայրենակիցները եւս պիտի օգտուին բնակարանային ապահովման պետական աջակցութեան ծրագիրերներէն», աւելցուցած է Վ.Պետրոսեան: