Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 29 Օգոստոսին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Վարչապետի աշխատակազմին փոխանցումով, զրուցակիցները շնորհաւորած են իրարու Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ բարեկամութեան, գործակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան պայմանագրութեան 25-ամեայ յոբելեանին առիթով, որ կը լրանայ այսօր: Կողմերը յայտնած են, որ այսուհետեւ հայ-ռուսական դաշնակցային փոխշահաւէտ յարաբերութիւնները տարբեր ոլորտներու մէջ պիտի շարունակեն արդիւնաւէտ կերպով զարգանալ ու ամրապնդուիլ։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին միտքեր փոխանակած են հայ-ռուսական օրակարգային շարք մը հարցերու շուրջ: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին: Յատկապէս ընդգծուած է 9 Նոյեմբերի 2020-ի, 11 Յունուարի 2021-ի եւ 26 Նոյեմբերի եռակողմ համաձայնութիւններու հետեւողական իրականացման կարեւորութիւնը: