Վերջերս տեղի ունեցած միաբանական հաւաքի ընթացքին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը ողջունելով միաբան հայրերը՝ անգամ մը եւս յիշեցուց, թէ մեր Սուրբ Աթոռին Միաբանութիւնը մէկ ամբոջութիւն է, Մայրավանքին մէջ թէ թեմերէն ներս ծառայող միաբաններով։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ զանազան պաշտօններու կոչուած միաբան հայրեր կրնան փոխուիլ, սակայն ծառայութիւնը կը մնայ նոյնը, որուն ամբողջական նուիրումով կոչուած են բոլոր միաբան հայրերը՝ ըստ յարմարութեան ու իրենց ունեցած փորձառութեան։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը միաբան հայրերուն ուշադրութեան յանձնեց կարգ մը երեւոյթներ ու կատարեց հայրական թելադրութիւններ, որպէսզի Միաբանութեան ծառայութիւնը ըլլայ աւելի կազմակերպ ու արդիւնաւէտ։ Իր հայրական խօսքի աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը կատարեց հետեւեալ նոր նշանակումները.-
– Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեան, Թեսաղոնիկէի (Յունաստան) հոգեւոր հովիւ, կը վերադառնայ Մայրավանք եւ կը միանայ Տեղեկատուական Բաժանմունքին։ Զինք կը փոխարինէ Հոգշ. Տ. Եղիա Աբղ. Մալխասեան։
– Հոգշ. Տ. Աւետիք Աբղ. Տէր Կարապետեան եւ Հոգշ. Տ. Ազատ Աբղ. Ֆիլիկեան մաս կը կազմեն Դպրեվանքի Տեսչութեան։
– Հոգշ. Տ. Սարգիս Աբղ. Աբրահամեան մաս կը կազմէ Միջ-Եկեղեցական ու Միջ-Կրօնական Յարաբերութեանց Բաժանմունքին՝ ստանձնելով Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական յարաբերութեան եւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան պատասխանատուութիւնը։
– Հոգշ. Տ. Եզեկիէլ Աբղ. Սելլումեան կը նշանակուի Զահլէի շրջանի (Լիբանան) հոգեւոր հովիւ։
– Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատէհճեան կը նշանակուի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչի օգնական։
– Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան կը նշանակուի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչի եւ Մայր Տաճարի լուսարարապետի օգնական։
Վերոյիշեալ նոր նշանակումներուն առընթեր, Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ Կաթողիկոսարանի այլ բաժանմունքներու պատասխանատուները, բնականաբար, կը շարունակեն իրենց աշխատանքը։ Ան նաեւ յիշեցուց, որ քանի մը ամիսներ առաջ Հոգշ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան (Արեւելեան Թեմ), Հոգշ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան (Արեւելեան Թեմ) եւ Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան (Արեւմտեան Թեմ) մեկնած էին Միացեալ Նահանգներ թեմական ծառայութեան։