30 Օգոստոսը բռնի անհետացումներու զոհերու միջազգային օրն է, որ 2010 թուականին սահմանուած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Միութեան կողմէն՝ որպէս բռնի եւ հարկադրուած անհետացումներու հետեւանքով մարդու իրաւունքներու սարսափելի ոտնահարումներու մասին յիշեցում:
 
Մարդոց հարկադրուած կամ բռնի անհետացումը իր բնոյթով մարդու հիմնարար իրաւունքներու խախտում է․ անիկա կ’ոտնահարէ մարդու իրաւունքներու մէկ ամբողջ շարք՝ հաստատուած Մարդու իրաւունքների համընդհանուր հռչակագիրով, Բռնի անհետացումէն բոլոր անձերու պաշտպանութեան միջազգային համաձայնութեամբ, ինչպէս նաեւ Մարդու իրաւունքներու միջազգային դաշնագիրերով եւ մարդու իրաւունքներու այլ միջազգային հիմնական փաստաթուղթերով:
 
Այս համալիր ոճրագործութիւնը կը խախտէ մարդու բոլոր իրաւունքները, ներառեալ կեանքի իրաւունքը, խոշտանգումներու եւ այլ դաժան, անմարդկային կամ նուաստացնող վերաբերմունքի կամ պատիժի չենթարկուելու իրաւունքը, ազատութեան եւ անվտանգութեան իրաւունքը, արդար դատաքննութեան իրաւունքը, իրաւական պաշտպանութեան արդիւնաւէտ միջոցներու եւ անհետացման հանգամանքներու մասին ճշմարտութիւնը իմանալու իրաւունքը։ Միջազգային իրաւունքը որոշակի հանգամանքներու մէջ բռնի անհետացումը մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն կը համարէ:
 
Միջազգային մարդասիրական իրաւունքը նպատակ ունի զերծ պահելու մարդոց կամայական ձերբակալութիւններու, կալանքի ու գերութեան ընթացքին այլ խախտումներու հետեւանքով անհետացումներէ: 9 Նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած հրադադարէն վերջ Ատրպէյճան կը շարունակէ պատանդառութեան մէջ պահել հայ ռազմագերիներ, քաղաքացիական անձեր, իսկ Ղարաբաղեան առաջին եւ 44-օրեայ պատերազմներուն հետեւանքով հարիւրաւոր անյայտ կորածներու եւ բռնի անհետացածներու ճակատագիրներ կը մնան չպարզուած։
 
Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէն գործակցութեան բացակայութիւնը անհնարին կը դարձնէ անյայտ կորած անձերու թիւի ճշգրիտ գնահատումը, եւ անհետացածներու ճակատագիրի կամ գտնուելու վայրի եւ ողջ ըլլալու մասին հաւաստի տեղեկութիւններու ձեռքբերումը։
 
Ատրպէյճան կը շարունակէ անտեսել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումները՝ Ատրպէյճանի մէջ հայ պատանդներու մասին տեղեկատուութեան տրամադրումի միջանկեալ միջոցներու կիրառման մասին, ինչպէս նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կողմէն 7 Դեկտեմբեր 2021_ին ներկայացուած հրատապ միջոցները, որոնք կը պարտաւորեցնեն Ատրպէյճանը դադրեցնել հայերու նկատմամբ ռասիստական եւ խտրական քաղաքականութիւնը։
 
Անհետացումներու խնդիրը մարդասիրական առաջնահերթութիւն է, որ պէտք է ապաքաղաքականացուի եւ կարգաւորուի ամուր քաղաքական կամքով եւ գործակցութեամբ։ Նման մօտեցումի բացակայութեան պարագային արդարութիւնն ու ընկերային առողջացումը, հետեւաբար՝ երկարաժամկէտ խաղաղութիւնը կը մնան վերացական: Կոչ կ’ուղղենք միջազգային հանրութեան պատասխանատուութիւն ստանձնելու Լեռնային Ղարաբաղի ողջ տարածք անվերապահ մուտքի ապահովման համար, որ կրնայ մեղմել առկայ մարդասիրական ճգնաժամը։
 
Բռնի անհետացումներու միջազգային օրը մենք համերաշխութիւն կը յայտնենք զոհերու ընտանիքներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին այս անմարդկային արարքներէ: Մենք կը պայքարինք անհետացածներու իրաւունքներուն համար, կը շարունակենք պայքարիլ արդարութեան համար եւ այս յանցագործութեան անպատժելութեան դէմ։ Կը վերահաստատենք մեր հրատապ կոչը՝ վերջ դնելու բռնի անհետացումներու անպատժելիութիւնը: