Բերիոյ Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողովին հովանաւորութեամբ եւ Եագուպիէի Հայրենակցական Միութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 28 Օգոստոս 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, աւանդութիւնը պահելով Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ յիշատակուեցաւ Ս. Աննայի ուխտի օրը, նկատի ունենալով որ Եագուպիէ գիւղը, ուր կը գտնուի Ս. Աննա եկեղեցին, տակաւին անապահով վիճակի մէջ կը գտնուի։
 
Այս առիթով, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան։
Օրուան խորհուրդը հաւատացեալներուն ուղղեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։ Հայր Սուրբը գնահատեց Եագուպիէի Հայրենակցական Միութեան ծառայութիւնը եւ մաղթեց, որ խաղաղութիւն հաստատուելով յառաջիկայ տարիներուն Եագուպիէի Ս. Աննա եկեղեցւոյ մէջ կրկին անգամ ուխտագնացութիւն կազմակերպուի։
Պատարագին ներկայ էին Եագուպիէի Հայրենակցական Միութեան ատենապետ տիար Աբրահամ Երէցեան, միութեան անդամներ, եագուպիէցիներ եւ ուխտաւոր ժողովուրդը։
 
Յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Հայր Սուրբը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր ուխտաւորներու ներկայութեան կատարուեցաւ մատաղօրհնէք։ Օրհնուեցաւ Միութեան անդամներուն պատրաստած աւանդական Հարիսան եւ բաժնուեցաւ ներկաներուն։