«Հրապարակ» թերթը կը գրէ. «Արցախի օրուան առիթով Ազգային Ժողովի բոլոր 5 խմբակցութիւններուն նախաձեռնութեամբ 2 Սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ հանրահաւաք: Երեւանի ժամով ժամը 17:30-ին Ստեփանակերտի Ազատութեան հրապարակէն քայլերթ պիտի ընեն, 19:00-ին կեդրոնական՝ Վերածնունդի հրապարակին վրայ՝ հանրահաւաք:
 
«2 Սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումի օրն է։ Հանրահաւաքն ու երթը այդ օրուան խորհուրդով պիտի ըլլան, մենք մեր խօսքը պիտի ըսենք բոլորին, որ Արցախը կայ, կանգուն է, պիտի պայքարի իր իրաւունքներուն համար։ Մենք անգամ մը եւս պէտք է համայն աշխարհին փաստենք, որ պատերազմով հարցը չի լուծուիր ու պիտի չի լուծուի, միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է ականջալուր ըլլալ Արցախի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն։ Սա ո՛չ ընդդիմութեան, ո՛չ ալ իշխանութեան կազմակերպածն է։
 
Պետական տօն է, որ պարտաւոր ենք նշել։ Ու որեւէ մէկը, որ կը համարէ, որ Արցախը հայկական է ու պէտք է մնայ հայկական, պիտի ըլլայ Արցախի հրապարակին վրայ։ Մենք կը հրաւիրենք նաեւ Նիկոլ Փաշինեանին, թող ինքն ալ գայ», ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան պատգամաւոր Դաւիթ Գալստեան։ Առաջին տարին է, որ այս օրը պիտի նշուի հանրահաւաքով, նախապէս տօնական նախաձեռնութիւններ կազմակերպուած են, անշուշտ՝ մինչեւ պատերազմը»: