ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութիւնը՝ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկհ․ Համեստ Սասունեանի ընկերակցութեամբ 30 Օգոստոսին այցելած է Սուրիոյ դեսպանատուն իր շնորհաւորանքը փոխանցելու Հայաստանի Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր նորանշանակ դեսպան, ՀՕՄ-ի անդամ ընկհ․ Նորա Արիսեանին։ Հանդիպումը անցած է մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։ Դեսպանը հետաքրքրական եւ արժէքաւոր տեղեկութիւններ փոխանցած է իր անցեալի փորձառութենէն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է գործակցելու Հայ Օգնութեան Միութեան հետ՝ ի նպաստ հայրենի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ հայաստանաբնակ սուրիահայերու կեցութեան պայմաններու բարելաւման եւ զարգացման։