Ռուս խաղաղապահները 29 Օգոստոսէն արդէն տեղակայուած են Ստեփանակերտ-Գորիս նոր երթուղիի 4,7 քիլոմեթրանոց բաժինին մէջ, որ ամբողջովին ասֆալթապատ է։ Այս մասին 24News-ին ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան Տարածքային Կառավարման եւ Ենթակառուցուածքներու նախարարի մամուլի խօսնակ Վիքթորիա Պետրոսեան։
 
Անոր խօսքին համաձայն, Արցախը Հայաստանին կապող նոր ճամբան պիտի գործարկուի Երեւանի ժամով ժամը 20:00-էն սկսեալ, իսկ գործող ճամբան արդէն պիտի յանձնուի ատրպէյճանական վերահսկողութեան։
 
24News-ի հետ զրոյցի ընթացքին Արցախի Ազգային Ժողովի իշխանական «Ազատ Հայրենիք – ՔՄԴ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեան ըսած էր, որ նոր երթուղիի վրայ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմը պիտի տեղակայուի նոյն Լաչինի միջանցքի տրամաբանութեամբ։ Նոր երթուղիին վրայ նոյնպէս պիտի ըլլայ 4 յենակէտ։ «Մէկը պիտի ըլլայ խաչմերուկի մէջ, ուրկէ կը մտնէ Բերդաձորի բաժին։ Մէկ յենակէտը պիտի ըլլայ Հին Շէն գիւղի մէջ, միւսը՝ Հայաստանի սահմանին, միւս յենակէտը՝ այլընտրանքային ճանապարհի 4,7 քիլոմեթրանոց բաժինի վերջաւորութեան, ուր կը հատուի Աղաւնօ-Տեղ գիւղերու ճանապարհաբաժինը։
 
Այսինքն, ըստ էության, 4 կէտ պիտի գործէ։ Իսկ հոնկէ դէպի այն կողմ՝ դէպի Շուշիի ճանապարհին տեղակայուած կէտերը, պիտի շարունակեն գործել նախկինին պէս», ըսած էր քաղաքական գործիչը։