“Գանձասար»-ի Հասիչէի թղթակիցը յայտնեց, որ Հասիչէի մէջ տակաւին կը շարունակուի ջուրի տագնապը։ Ամրան սաստիկ տաքին բնակչութիւնը խմելու ջուր անգամ չունի։
 
Տնտեսական ներկայ ծանր պայմաններու բեռին կու գայ աւելնալու օրական ջուր գնելու կամ այլազան միջոցներով նուազագոյն իրենց կարիքը ապահովելու հարցը։
 
Ջուրին հոսքը դէպի Հասիչէ երկար ատենէ ի վեր ատենէ ի վեր խափանած են թրքական ուժերուն հովանաւորութեան տակ գործող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները, խախտելով մարդկային բոլոր չափանիշները։