Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ միայն մէկ ապագայ ունի՝ հայաթափում, կործանում եւ ցեղասպանութիւն:
Ան, մասնաւորապէս, յայտնած է. «Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հաճիեւ յայտարարած է, որ ատրպէյճանցիներն ու հայերը կրնան ապրիլ կողք կողքի՝ իբրեւ մէկ երկրի քաղաքացի։ Նախ եւ առաջ հայերն ու ատրպէյճանցիները կրնան ապրիլ մէկ երկրի ներսը, բայց այդ երկիրը միայն երրորդ երկիր կրնայ ըլլալ, օրինակ` Ռուսիա, ԱՄՆ, Շուէտ եւ այլն։
 
Նման օրինակներ ունինք, հակառակ որ Ատրպէյճանը ամէն ինչ կ’ընէ, որպէսզի նոյնիսկ երրորդ երկրի մէջ ատրպէյճանցիները հայերուն նկատմամբ թշնամանքով վերաբերին, եւ սա մենք կը տեսնենք ամենատարբեր երկիրներու մէջ։
 
Բայց եթէ տուեալ պարագային խօսքը կը վերաբերի Արցախին ու Ատրպէյճանին, ապա մենք չենք կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, որովհետեւ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ միայն մէկ ապագայ ունի՝ հայաթափում, կործանում եւ ցեղասպանութիւն»։