Երեքշաբթի, 30 Օգոստոս 2022-ին, Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ 2022-2023 ուսումնական տարեշրջանին, ուսումնական ծրագիրին մէջ պիտի ներառուի «Ծրագրեր» դասանիւթը, որ ուղղուած պիտի ըլլայ աշակերտին ծրագրաւորման, ուսումնասիրութեան եւ հարցերու լուծման կարելիութիւններու զարգացման, որպէսզի ապագային իր անձնական ծրագիրը յաջողութեամբ մշակէ եւ յաջող անձ դառնայ իր շրջապատին մէջ։ Նախարարութիւնը շեշտեց, որ ծրագիրը պէտք չէ նախապէս պատրաստուի աշակերտին ծնողքին կողմէ, այլ պէտք է իրականացուի աշակերտին ճիգերով, այլապէս աշակերտը ոչ մէկ օգուտ պիտի քաղէ անկէ։