Ար­դէն հա­սած էր Սուր­իոյ Պա­տա­նե­կան Միու­թեան Ընդ­հա­նուր Վա­րիչ Մար­մի­նին կազ­մա­կեր­պած տա­րե­կան բանակումին մեկ­նե­լու պա­հը, որուն բո­լոր պա­տա­նի­նե­րը կազմ ու պատ­րաստ կը սպա­սէ­ին։ Այս տա­րի, բանակումներուն մաս­նակ­ցու­թիւնը խրա­խու­սի­չ էր: Քե­սա­պի սիր­տը կր­կին տրո­փեց հայ­կա­կա­նու­թեամբ: Կազմակերպուեցան եր­կու բա­նա­կում­ներ, որոնք անց­նող տա­րի­նե­րէն տար­բեր էին։ Առա­ջի­նը «Խա­նա­սոր» բա­նա­կումն էր, որուն իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րին 3-րդ, 4-րդ եւ 5-րդ կար­գե­րը, ՀՄԸՄ-ի բանակավայրին մէջ, 22-28 Օգոստոսին: Երկ­րոր­դը՝ «Նի­կոլ Դու­ման» բա­նա­կու­մը, որ տրա­մադր­ուած էր առա­ջին եւ երկ­րորդ կար­գե­րուն, ՍՕԽ-ի «Կազդուրման Կայան»-ին մէջ, 24-28 Օգոստոսին։

Զոյգ բա­նա­կում­նե­րուն մաս­նակ­ցե­ցան 262 պա­տա­նի­ներ, Սուր­իոյ տար­բեր շր­ջան­նե­րէն՝ Հա­լէ­պէն, Դա­մաս­կո­սէն, Քեսապէն, Լա­թաք­իա­յէն եւ Գա­միշլի­էն։

Պա­տա­նի­նե­րը ամ­բողջ շաբթ­ուան վրայ եր­կա­րող ճոխ եւ մտեր­միկ մթ­նո­լոր­տի մէջ ապ­րե­ցան,  ծա­նօ­թա­ցան նոր ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­նե­րու, սոր­վե­ցան նոր եր­գեր եւ կան­չեր, ինչ­պէս նա­եւ ման­րա­մաս­նու­թեամբ տե­ղե­կա­ցան հայ ֆիտայի­ին կեան­քին ու գոր­ծու­նէ­ու­թեան ընդ­հան­րա­պէս։

ՍՊՄ-ը կր­ցաւ յա­ջողց­նել 309 ան­դամ­նե­րով (պա­տա­նի­ներ եւ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ) եր­կու բա­նա­կում­ներ, որով­հե­տեւ ու­նէր յանձ­նա­ռու պա­տաս­խա­նա­տու­ներ,  դաստ­ի­ա­րակ կազմ, որոնք մէկզ­մէ­կու գոր­ծը ամ­բող­ջաց­նե­լով եւ մէկ բռունցք դառ­նա­լով յա­ջող աւար­տին հաս­ցու­ցին միու­թեան կազ­մա­կեր­պած տա­րե­կան բա­նա­կու­մը։

Բայց ո՞վ է տի­պար պա­տա­նին։ Կա­րե­լի՞ է բնո­րո­շել զայն բա­ռե­րով։

Իմ փոր­ձա­ռու­թե­նէն մեկ­նած տի­պար պա­տա­նին ան է, որուն աչ­քե­րուն երբ նա­յիս, կը տես­նես զօ­րու­թիւն, գիտակցութիւն, ըն­կե­րա­սի­րու­թիւն ու հա­յու ոգի։

Պա­տա­նին երբ հո­գւով-սր­տով եր­գէ յե­ղա­փո­խա­կան եր­գերն ու կան­չե­րը կը ցն­ցէ քեզ։ Երբ զրոյց­նե­րու մաս­նակ­ցի՝ կ’ոգեւորէ քեզ իր ար­թուն միտ­քով:

Պա­տա­նին ու­նի նա­եւ հա­րուստ նե­րաշ­խարհ եւ օրե­րու ըն­թաց­քին կը զար­գաց­նէ ձիր­քեր՝ պա­րել, եր­գել, աս­մուն­քել, զաւեշտներու մաս­նակ­ցիլ, բե­մա­կա­նաց­նել զա­նոնք եւ մար­զա­կան զա­նա­զան վար­ժու­թիւն­ներ կա­տա­րել։

Յատ­կան­շա­կան էր մաս­նակ­ցու­թիւնը Գա­միշլիի մեր ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­նե­րուն, որոնք յատ­կա­պէս այս տա­րի կր­ցան մաս կազ­մել տա­րե­կան բա­նա­կու­մին՝ ի հե­ճուկս բո­լոր դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն։

Բա­նա­կում մը աւարտ չի կր­նար ու­նե­նալ առանց խա­րու­կա­հան­դէ­սի, որուն ըն­թաց­քին պա­տա­նի­նե­րը կ’ամ­փո­փեն իրենց ամ­բողջ շաբթ­ուան յայ­տա­գիրն ու տար­ուան աշ­խա­տան­քը, ապա կը փա­կեն զայն «Մշակ Բա­նուոր» քայ­լեր­գով։

Մաս­նա­կից­նե­րուն զգա­ցում­նե­րը խառն էին՝ թէ՛ ու­րախ, եւ թէ՛ տխուր։ Պա­տա­նի­նե­րը ու­րախ էին, որով­հե­տեւ մի­ա­սին հա­ճե­լի շա­բաթ մը ամ­բող­ջա­ցու­ցին, սա­կայն բա­ժա­նու­մի պա­հը դժ­ուար էր։

Վեր­ջա­պէս մեր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւնը կը յայտ­նենք խո­հա­րար մեր ըն­կե­րու­հի­նե­րուն, որոնք հա­մեղ ու­տե­լիք­ներ պատ­րաս­տե­ցին իրենց դա­լար ձեռ­քե­րով, ինչ­պէս նա­եւ մեր ծնող­նե­րուն, որոնց շնոր­հիւ բա­նա­կա­վայ­րը լու­սա­ւոր­ուե­ցաւ 262 լոյ­սե­րով: Շնոր­հա­կա­լու­թիւն, սի­րե­լի՛ ծնող­ներ։

Այո՛, պա­տա­նի­նե­րը թն­դա­ցու­ցին Քե­սա­պը, եթէ հարկ ըլ­լայ իրենց նե­րու­ժով կր­նան թն­դաց­նել նա­եւ մեր ողջ ներաշխարհը։

Աւօ Պօղոսեան