Հալէպի օդակայանին հրթիռակոծումը կրկին լուսարձակի տակ կ’առնէ Սուրիոյ տագնապին լուծումը ձախողութեան մատնելու փորձերը:
Վերջին շրջանին, երբ երկրէն ներս տարբեր կողմեր հաշտութեան բերելու գործընթացներու մասին շշուկներ կը լսուին, Սուրիոյ դրացի երկիրներ, ինչպէս Թուրքիա եւ արաբական կարգ մը երկիրներ Սուրիոյ հետ մերձեցման եզրեր կ’որոնեն, միւս կողմէ սուրիական բանակը կը յառաջանայ հիւսիսային շրջանին մէջ, խաղաղութեան հաստատման քաղաքական եւ զինուորական ջանքերը խափանելու հերթական փորձեր կը կատարուին յատկապէս Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի կողմէ՝ սահմանափակելու Սուրիոյ դաշնակիցներու ազդեցութիւնը տագնապի լուծման հեռանկարներուն վրայ ու կրկին սպառնալիքներու լեզուով Սուրիոյ ապաքինման ընթացքը խափանելու:
Բնականաբար Իսրայէլ եւ ԱՄՆ հաշտ աչքով պիտի չդիտեն Սուրիա-Ռուսիա, Սուրիա-Իրան յարաբերութիւնները, որոնք տնտեսական, ապահովական եւ այլ մարզերու մէջ, այս շրջանին, աշխոյժ թափով կը յառաջանան:
Անոնք հաշտ աչքով պիտի չդիտեն նաեւ Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման թոյլ հաւանականութիւնն անգամ (Սուրիան քաջ գիտէ, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիան ինչպիսի՞ կողմերու շահերուն կրնայ ծառայել), որովհետեւ Միջին Արեւելքի մէջ ռուսական միջնորդութեամբ նախատեսուող նման կարգաւորում մը պիտի տկարացնէ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի ազդեցութեան օղակները:
Ամիսներ առաջ Իսրայէլ հրթիռակոծեց Դամասկոսի Միջազգային օդակայանը, սակայն Դամասկոս, առանց խուճապի մատնուելու, կարճ ժամանակ մը ետք վերանորոգեց զայն: Այսօր Իսրայէլ այլ հրթիռակոծումով մը կը սպառնայ Հալէպը արտաքին աշխարհին կապող միակ քաղաքացիական օդակայանին:
2022-ի սկիզբէն ի վեր այս Իսրայէլի 22-րդ հրթիռակոծումն է, վերջին անգամ ան հրթիռակոծած էր Թարթուսի եւ Համայի կարգ մը վայրեր:
Քաղաքացիական օդակայաններ հրթիռակոծելով, սակայն, Իսրայէլի թիրախը կը դառնայ նաեւ Սուրիոյ քաղաքացին:
Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ գործակցութիւնը յստակ կ’երեւի սուրիական տագնապի լուծման խափանման իրենց քայլերուն մէջ, մէկը՝ մերթ ընդ մերթ հրթիռակոծելով սուրիական տարբեր վայրեր, նոյնիսկ ոչ-զինուորական, միւսը՝ քրտական գործօնը օգտագործելով Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ:
Վերջին տասը տարիները ցոյց տուին, որ Սուրիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը սպառնալիքներէ չ’ազդուիր: Պատերազմի ողջ ընթացքին ու տագնապի լուծման տարբեր փուլերուն, Սուրիան առաջնորդուած է ու կը շարունակէ առաջնորդուիլ  ազգային ու պետական իր շահերէն՝ հասնելու լիարժէք, ոչ թէ ժամանակաւոր, խաբուսիկ խաղաղութեան: