18 Սեպտեմբեր 2022-ին տեղի պիտի ունենան Սուրիոյ նահանգներու Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու (ՏԻՄ-ի) ընտրութիւնները։
Պիտի ընտրուի իւրաքանչիւր նահանգի նահանգային խորհուրդ, ինչպէս նաեւ պիտի ձեւաւորուի քաղաքային խորհուրդ:
Այսու կը տեղեկացնենք, որ ՏԻՄ-ի ընտրութիւններուն Բերիոյ Հայոց Թեմի Հալէպի թեկնածուներն են՝ Արա Մութաֆեան, երկրչփ. Տիգրան Պետրոսեան եւ երկրչփ. Մարալ Գալայճեան։ Կը յորդորենք մեր համայնքի զաւակները մասնակցիլ ընտրութիւններուն։
Քուէարկութիւնը պատասխանատուութիւն եւ քաղաքացիական պարտաւորութիւն է։
Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի